Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՈՒՂՂԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՃԱՆՉՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

June 29, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ղասսան Մուխայպեր

Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը նախորդ երեք օրերուն ընթացքին Փարիզի մէջ գումարեց իր տարեկան խորհրդաժողովը, որուն աւարտին հրապարակեց իր պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն բանաձեւերէն մէկը Թուրքիայէն պահանջեց ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այս առիթով «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերի հետ` նկատի ունենալով, որ ան մաս կը կազմէ նաեւ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովին եւ անդամ է անոր ընդհանուր քարտուղարութեան գործադիր խորհուրդին:

Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն եւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին որդեգրման մասին Մուխայպեր յայտնեց, որ բանաձեւի այդ նախագիծը ներկայացուած է վեհաժողովի անդամ հայ ներկայացուցիչներու պատուիրակութեան կողմէ, եւ ստանալով խորհրդաժողովին  ներկայ 20 երկիրներու խորհրդարաններու պատուիրակներուն հաւանութիւնը` միաձայնութեամբ որդեգրուած է Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի 18-րդ խորհրդաժողովին պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Մուխայպեր նշեց, որ այս տարի հայութեան վերաբերող  բանաձեւը աւելի քաղաքական բնոյթ ունէր, որովհետեւ անիկա Թուրքիայէն կը պահանջէր ճանչնալ ու ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ համապատասխան հատուցումներ կատարել հայութեան:

«Մինչդեռ անցեալ տարուան խորհրդաժողովին բանաձեւը ընդգծած էր, որ հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողները պէտք է պահպանել որեւէ աւերէ կամ քանդումէ, ըլլան անոնք Արեւմտահայաստանի, թէ Ազրպէյճանի մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած էր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ խստիւ մերժած` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախին դէմ պատերազմ յայտարարելու սպառնալիքները  եւ շեշտած, որ այդ տագնապը պէտք է խաղաղ միջոցներով լուծել եւ հայ ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման իրաւունքը յարգել», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը որդեգրեց նաեւ այլ բանաձեւեր, որոնք կը վերաբերին արաբեւիսրայէլեան տագնապին, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հարցին:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

Յաջորդը

«ԼԵՀՄԱՆԸ ՎԵՐՍՏԻՆ ՄԵՐ ԿԱԶՄԻՆ ՄԻԱՑՆԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ ՉՈՒՆԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՇԱԼՔԷ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։