Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Եւ Պահրէյն Քաթարի Մէջ Իրենց Դեսպանները Տուն Կանչեցին

March 6, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

GCCՍէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պահրէյն հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ Քաթարի մէջ իրենց երկիրներու դեսպանները տուն կը կանչեն:

Անոնք նշեցին, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները Քաթարի մօտ բոլոր մակարդակներու վրայ մեծ ջանք թափած են գոյացնելու համար համաձայնութիւն մը ընթացքի մը շուրջ, որ կ՛երաշխաւորէ խորհուրդի անդամներուն ընթացքը միացեալ քաղաքական ծիրի մը մէջ, որ հիմնուած է խորհուրդի կանոնագրութեան եւ անդամ երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութեանց, որոնց շարքին` ապահովական համաձայնութեան, անդամ երկիրներէն որեւէ մէկուն ներքին հարցերուն ուղղակի կամ անուղղակի կերպով չմիջամտելու սկզբունքին, ապահովական գործունէութեան կամ քաղաքական ազդեցութեան փորձի ճամբով խորհուրդի անդամներուն ապահովութիւնը վտանգող կազմակերպութեանց կամ անհատներու աշխատանքին չաջակցելու, ինչպէս նաեւ թշնամական լրատուամիջոցներու չաջակցելուն վրայ:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ հակառակ անոր որ այդ ջանքերը պսակուած են Քաթարի համաձայնութեան ապահովումով եւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի ստորագրած է  23 նոյեմբեր 2013-ին Ռիատի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը, սակայն Քաթար զայն չէ գործադրած: Համաձայնագիրի ստորագրութենէն երեք ամիս անցած է, սակայն Քաթար այդ համաձայնութեան գործադրութեան ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլեր չէ առած: 17 փետրուար 2014-ին Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հարցին կարեւորութիւնը շեշտած  են, եւ ժողովի ընթացքին Ռիատի համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան մեքանիզմի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է: Այդ ժողովին յաջորդած է 4 մարտ 2014-ին Ռիատի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, որուն ընթացքին մեծ ջանք թափուած է Ռիատի համաձայնութեան գործադրութեան քայլեր որդեգրելու կարեւորութեան  համոզելու Քաթարը, սակայն այդ ջանքերը ձախողած են, ինչ որ երեք երկիրները մղած է որդեգրելու իրենց ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանելու  անհրաժեշտ միջոցառումները, որոնց առաջինը մարտ 2014-էն սկսեալ իրենց դեսպանները Քաթարէն տուն կանչելն է:

Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պահրէյն յոյս յայտնեցին, որ Քաթար անմիջապէս կ՛անսայ համաձայնութեան գործադրութեան կոչերուն, ինչպէս նաեւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը որեւէ պառակտումէ պաշտպանելու միջոցառումները կ՛որդեգրէ:

Քաթարի, նախարարաց խորհուրդը ցաւ յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի որոշումին համար` նշելով, որ իր դեսպանները այդ երկիրներէն տուն կանչելով պիտի չհակադարձէ:

Նշենք, որ Քաթարի սակարանը 3 երկիրներու քայլէն ետք 3 առ հարիւրի անկում մը կրեց:

 

 

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակը Դէպի Կազա Զէնք Փոխադրող Նաւ Մը Գրաւած Է

Յաջորդը

Ուքրանիոյ Տագնապ. Դիւանագիտութիւնը Թափ Կը Ստանայ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.