
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մաղթեց, որ կառավարութիւնը շուտով մշակէ իր աշխատանքային ծրագիրը, որպէսզի ուղղուի խորհրդարան` պահանջելու համար անոր վստահութեան քուէն:
«Այսպիսով, կառավարութիւնը ուղղակի գործի պիտի անցնի եւ լիբանանցիներուն հատուցէ կառավարութեան կազմութեան երկարատեւ հանգրուանը, որուն ընթացքին երկրին մէջ գրեթէ ամէն ինչ սառած էր», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց իր համոզումը, թէ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին թափուած ճիգերը պիտի շարունակուին նաեւ յաջորդ հանգրուանին` երկրին քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ համախոհութեան եւ փոխըմբռնումի մթնոլորտ մը տարածելով:
Նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնք յառաջիկայ հանգրուանին պիտի գործադրուին: Քննարկուեցան նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկելու առիթ ընծայելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական եւ հիւպատոսական անձնակազմերուն աշխատանքներուն ամրապնդումը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին կողմէ որդեգրուած ապահովական արտակարգ միջոցառումները, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է կանխարգիլել Լիբանանը թիրախ դարձնելիք ահաբեկչական արարքները:
Նախագահ Սլէյման դրուատեց բանակին ի գործ դրած ջանքերը, որոնց շնորհիւ բացայայտուեցան կարգ մը ականուած ինքնաշարժներ, որոնք թիրախ պիտի դարձնէին լիբանանեան բնակելի համալիրներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք սէուտական արտակարգ օժանդակութեան մանրամասնութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Անթուան Սաատ եւ Հանրի Հըլու, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ Ֆարես Պուէյզ եւ Մարուան Շարպել:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիէն` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:


