
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք հասաւ Իրան, ուր պիտի մասնակցի Իսլամական գործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն համադաշնակցութեան Թ. խորհրդաժողովին, որուն աշխատանքները պիտի սկսին այսօր:
Իրանի խորհրդարանի Ա. փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Պահունար դիմաւորեց Պըրրին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Հաժ Ալիի:
Օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պըրրի շեշտեց, որ Իրան իր այցելութեան նպատակն է երկրին իշխանութիւններուն եւ իրանցիներուն փոխանցել իր շնորհաւորութիւնները` իմամ Խումէյնիի առաջնորդած Իրանի իսլամական յեղափոխութեան 35-ամեակին առիթով:
«Իրան այցելութեանս նպատակն է նաեւ ընդառաջել Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի յղած հրաւէրին եւ մասնակցիլ Իսլամական գործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն համադաշնակցութեան Թ. խորհրդաժողովին», ըսաւ Պըրրի:
Պըրրի շեշտեց, որ իսլամական եւ արաբական աշխարհները միասնականութեան եւ միջիսլամական յարաբերութիւններու ամրապնդումին կարիք ունին, «յատկապէս նկատի ունենալով, որ արաբները յուզող գլխաւոր հարցին դէմ հսկայ դաւադրութիւններ գոյութիւն ունին», նշեց ան:

Թեհրանի իր կեցութեան վայրին մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամի հետ` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Քասեմ Հաշեմի եւ Նաուար Սահիլիի:
Միւս կողմէ, Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Խտըր Հըլուի Քուէյթի «Շերաթոն» պանդոկին մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Նեպիհ Պըրրիի: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմ եւ նախկին նախագահ Ճասեմ Խուրաֆի:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Պըրրի Քուէյթէն հաստատեց, որ Լիբանանի այսօրուան առաջնահերթութիւնը բանակին հզօրացումն է:
Ան նշեց, որ Լիբանան ի վերջոյ շրջանցեց կառավարութեան կազմութեան դժուարութիւնը` մաղթելով, որ կառավարութիւնը մշակէ իր աշխատանքային ծրագիրը` ստանալու համար խորհրդարանի վստահութեան քուէն:
Պըրրի կարեւոր նկատեց նաեւ Լիբանանի մէջ քարիւղի հանքերուն պեղման սկսիլը, ինչպէս նաեւ պահպանել Լիբանանի իրաւունքը` բոլոր ձեւերով ազատագրելու համար բռնագրաւուած իր հողերը, ինչ որ նշուած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մէջ:
«Իրականութեան մէջ Լիբանան թիրախ է իր գոյացութեամբ, ժողովուրդով, բանակով, Դիմադրութեամբ, քաղաքական ուժերով, մայրաքաղաքով եւ քաղաքական անձնաւորութիւններով: Սակայն կը հաստատեմ, որ ամէն տեսակի ահաբեկչական արարքներու սպառնալիքին տակ տնքացող Լիբանանը պիտի չտապալի», հաստատեց Պըրրի:
Նշենք, որ կազմակերպուած ընթրիքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, ընկերակցութեամբ` հոգեւոր հովիւ Արտակ քհնյ. Քէհեայեանի եւ Քուէյթի Ազգային վարչութեան ատենապետ Վարդան Նարինեանի:
Հայր սուրբը յանուն Քուէյթի հայ համայնքին բարի գալուստ մաղթեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին, ինչպէս նաեւ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմին փոխանցեց քուէյթահայութեան ողջոյնները:


