Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիել»-ի Մէջ. Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան Թ. Տարելիցի Նշում

February 15, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յիշատակի ձեռնարկին ներկաները
Յիշատակի ձեռնարկին ներկաները

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Թ. տարելիցին առիթով երէկ «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` կազմակերպութեամբ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն:

Յիշատակի ձեռնարկը սկսաւ Նազեք Հարիրիի ձայնագրուած ճառին սփռումով:

Ապա Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ  հաստատեց սիւննի համայնքին չափաւորականութեան անհրաժեշտութիւնը, հանրապետութեան նախագահութեան քրիստոնեայ գունաւորումին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին անջատեց Հըզպալլայէն:

Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլայի հազարաւոր մարտիկներ Սուրիոյ մէջ կը կռուին` աւելցնելով, որ ատոր պատճառով անձնասպանական գործողութիւններ եւ պայթումներ թիրախ կը դարձնեն Հարաւային արուարձանները:

Այս կեցուածքին ընդմէջէն Հարիրի Լիբանանի ապահովական ապակայունութիւնը վերագրեց Հըզպալլայի եւ Քայիտայի միջեւ պատերազմին:

Հարիրի կառավարութեան կազմութեան մասին ունեցաւ միայն մէկ արտայայտութիւն, որուն մէջ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ դրած են համախմբող կառավարութիւն մը կազմելու` նախագահական ընտրութիւններ կատարելու նպատակով:

Հարիրի կ՛ուղղէ իր խօսքը
Հարիրի կ՛ուղղէ իր խօսքը

Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ Միջազգային դատական ատեանին, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կառչած կը մնայ չափաւորականութեան:

«Լիբանանի մէջ միայն պետութիւնն է, որ իրաւունք ունի զէնքով խօսելու: Մենք կը պատկանինք այնպիսի դպրոցի մը, ուր երկրին համար զոհողութիւն կը սորվինք եւ ոչ թէ կուսակցութեան կամ համայնքի համար կը զոհուինք», ըսաւ ան:

Հարիրի յայտնեց, թէ ինչպէս որ Մուսթաքպալ կը մերժէ Հըզպալլայի պատկերով ներկայանալ, ան նոյնպէս կը մերժէ ՏԱՀԵՇ-ի կամ Ժապհաթ Նուսրայի պատկերներով ներկայանալ:

Հարիրի աւելցուց, որ իրենք պիտի զգուշանան նախապատրաստուող սադրանքներէն, որոնք լիբանանեան բանակն ու երկիրը կ՛առաջնորդեն դէպի յարանուանական հրդեհ:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին մակարդակով ստեղծուելիք անիշխանութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին, որ նախագահը ներկայացնէ քրիստոնեայ համայնքին կամքը եւ առաջնորդուի երկրին սահմանադրութեամբ:

Պէտք է աւելցնել, որ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ընդունուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին կողմէ:

Նշենք, որ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանին իրենք կարօտը ունին Ռաֆիք Հարիրիի եւ հարցերուն լուծումներ գտնելու անոր իմաստուն մօտեցումներուն:

Միքաթի հաստատեց, որ Ռաֆիք Հարիրի ազգային հարցերը մնայուն կերպով կը փափաքէր լուծել երկխօսութեան միջոցով` հաւատալով լիբանանցիներուն ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան պահպանումին:

Իր կարգին, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը իրականացնէ արդարութիւնը եւ բոլոր յանցագործները պատիժներու ենթարկէ:

Սալամ յայտնեց, որ երկրին ու շրջանին դիմագրաւած ապահովական այս զգայուն ժամանակաշրջանին, Լիբանան կ՛որոնէ Ռաֆիք Հարիրիի տեսակէտներն ու միտքերը, որոնք ազգային շահերը անձնական շահերէն կը գերադասէին եւ մնայուն կերպով կառչած կը մնային ազգային միասնականութեան, համերաշխութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին:

 

Նախորդը

Փ. Մանճեան. «Կառավարութիւնը Կարելի Չեղաւ Կազմել»

Յաջորդը

Ահաբեկչական Հրէշային Ծրագիր

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.