Պետական նախարարի պաշտօնակատար Փանոս Մանճեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք Լիբանանի մէջ կատարուելիք հրաշքներու չի հաւատար, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերը համախմբող կառավարութեան մը չի հաւատար:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը կարելի չեղաւ կազմել` աւելցնելով, որ ապահովական այս պայմաններուն ներքեւ ներքին գործոց նախարարութիւնը ստանձնողը պէտք է ըլլայ զուտ լիբանանցի քաղաքացի մը:
Փ. Մանճեան ընդգծեց, որ այդ նախարարութեան մէջ կայ 18 վարչութիւն` աւելցնելով, որ նախարարին առաջին եւ վերջին նպատակը պէտք է ըլլայ լիբանանցիներուն իրաւունքներուն պահպանումը:
Փ. Մանճեան մաղթեց, որ կառավարութեան նպատակը ըլլայ նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը:


