Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Կազմութիւնը Յետաձգելու Ոչ Մէկ Պատճառ Ունինք, Իսկ Նախարարութեան Մը Կամ Նախարարի Մը Նկատմամբ Կառչածութիւնը Լիբանանէն Աւելի Կարեւոր Կրնա՞յ Ըլլալ» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

February 11, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Առաջին տիկինը, նախագահ Սլէյման եւ նշանակեալ վարչապետ Սալամ` Մար Մարունի տօնին նուիրուած պատարագին ընթացքին
Լիբանանի Առաջին տիկինը, նախագահ Սլէյման եւ նշանակեալ վարչապետ Սալամ` Մար Մարունի տօնին նուիրուած պատարագին ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Մար Մարունի տօնին առիթով կիրակի առաւօտեան ուղղուեցաւ Ժըմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցին` ներկայ գտնուելու համար մատուցուած Ս. պատարագին:

Եկեղեցւոյ մուտքին նախագահ Սլէյման լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ երկրին քաղաքական իրավիճակը սառած  է, իսկ սահմանադրական ժամկէտները յարգելը կարեւոր է, որովհետեւ լիբանանցիները կը տնքան անապահովութեան ու սովի պատճառով: «Անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն յոյսերուն համազօր է», ըսաւ ան եւ հարց տուաւ, որ արդեօք նախարարութեան մը կամ նախարարի մը կառչած մնալը Լիբանանին կառչած մնալէն կարեւո՞ր է:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ուշացնելը ամօթալի է եւ պաշտպանութեան ռազմավարութեան մը գործադրութիւնը լիբանանեան բանակը կը դարձնէ երկրին զինեալ միակ ուժը:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ Թունուզի մէջ ինք հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ եւ անոր յայտնած, թէ Լիբանան կարիքը ունի տեսակարար զէնքի, որ իրենց կարողութիւն կու տայ Իսրայէլի դէմ դնելու:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյմանի արտայայտած վերոնշեալ կեցուածքները երէկ վերահաստատուեցան «Թուիթըր»-ի անոր անձնական հաշիւով:

«Թուիթըր»-ի ընդմէջէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահ Սլէյման աւելցուց նաեւ, որ ներքին լիբանանեան կացութիւնը պատրաստ է «Պաապտայի յայտարարութեան», պաշտպանութեան ռազմավարութեան եւ Պքերքէի հրապարակած ազգային փաստաթուղթին առումով, հետեւաբար կառավարութեան կազմութեան արգելք հանդիսացող ոչ մէկ պատճառ կայ:

«Մենք պէտք է փաստենք, որ կրնանք պետութիւն մը հիմնել, կառավարութիւններ կազմել, նախագահներ ընտրել, երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել եւ Սահմանադրական խորհուրդին վստահիլ:

«Ամօթ է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած այս յապաղումը, որովհետեւ մենք Լիբանանին նկատմամբ միջազգային ընտանիքէն աւելի նուազ յանձնառութիւն ցուցաբերելու ընթացքին մէջ ենք», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Փլամպլիի ընկերակցեցաւ Ռոս Մաունթընը, որ զինք պիտի փոխարինէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ուղեկից կազմակերպութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները:

Փլամպլի նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ողջոյնը եւ դրուատիքը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար Սլէյմանի ի գործ դրած ճիգերուն:

 

Նախորդը

«Պքերքէի Փաստաթուղթին Նպատակն Է Հանրապետութեան Նոր Նախագահի Մը Ընտրութիւնը Կազմակերպելու Ընդմէջէն Ապահովել Լիբանանի Զարթօնքը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

«Լիբանանի Համար Շնորհ Մը Նկատուող Քարիւղը Վերածուած Է Մտատանջումի» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.