
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Մար Մարունի առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց Ազգային ուխտին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անշեղ մնալը երկրին իշխանութեան մէջ հաւասար ու արդար մասնակցութիւն ապահովելուն:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Պքերքէի հրապարակած Ազգային փաստաթուղթին նպատակն է Լիբանանի զարթօնքը ապահովել` հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը կազմակերպելու ընդմէջէն:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց ամրապնդելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ վերջ տալու երկփեղկումին, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել կառավարութիւն մը եւ կազմակերպել նախագահական ընտրութիւնը:
«Արդեօք պատասխանատուները կը զգա՞ն ժողովուրդին ցաւը եւ կը գիտակցի՞ն, թէ անոնք պէտք է ծառայեն ժողովուրդին», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան հաստատեց, որ ժողովուրդը կորսնցուցած է պատասխանատուներուն նկատմամբ իր վստահութիւնը, «որովհետեւ դժբախտաբար պատասխանատուները կը հովանաւորեն օրինազանցութիւնները», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն վերջ տալու զինեալներու ֆինանսաւորումին:
Նախքան պատարագը Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց զօր. Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք հարիւր առ հարիւր կը զօրակցի Պքերքէի հրապարակած փաստաթուղթին:
«Կ՛ուզենք օժանդակել այս փաստաթուղթին գործադրութեան, որովհետեւ անիկա կը մարմնաւորէ այն սկզբունքները, որոնց վրայ հիմնուած է Լիբանանը, ինչպէս նաեւ կայունութիւն եւ բարգաւաճում կ՛ապահովէ», ըսաւ զօր. Աուն:
Պատասխանելով քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցումի մը` զօր. Աուն ըսաւ, որ այդ մասին համախմբումը իր կարծիքը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ երեքշաբթի օրերը:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, որ ողջունեց Պքերքէն` անոր հրապարակած Ազգային փաստաթուղթին համար:
Շարպել շեշտեց, որ բոլոր կողմերը պէտք է գործադրեն այդ փաստաթուղթը, «որովհետեւ անիկա երդում է եւ հանրապետութեան յաջորդ նախագահին ճամբու քարտէսը»:
Միւս կողմէ, Մար Մարունի տօնին առիթով Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն, որ դրուատեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած Ազգային փաստաթուղթը:
Միքաթի շեշտեց, որ այդ փաստաթուղթին նկատմամբ արձանագրուած դրական արտայայտութիւնները ցոյց կու տան այդ ուղղութեամբ կատարուելիք աշխատանքին կարեւորութիւնը, յատկապէս Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանին:
Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որ շնորհաւորեց զինք Մար Մարունի տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հարիրի ընդգծեց Պքերքէի հրապարակած Ազգային փաստաթուղթին եւ անոր գործադրութեան կարեւորութիւնը:
Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքէն: Լահհամ պատրիարքը կոչ ուղղեց կազմելու քաղաքական ուժերը համախմբող կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ յարգելու սահմանադրական ժամկէտները` կանխարգիլելու համար անիշխանութիւնը:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան մարոնի համայնքը շնորհաւորեց Մար Մարունի տօնին առիթով եւ կոչ ուղղեց կազմելու փոխըմբռնումի հիման վրայ կազմուած համախմբող կառավարութիւն մը, որ կրնայ պահպանել Լիբանանը:


