
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Էմմա Պոնինօ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Պէյրութ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պոնինոն եւ անոր ընկերակցող իտալական պատուիրակութիւնը, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան նպատակով Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները:
Պոնինօ շեշտեց, որ Իտալիա պիտի համադրէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք բոլոր նուիրատու երկիրներուն օժանդակութիւնները` շեշտելով, որ Իտալիա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին եւ անոր կը ներկայացնէ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական աջակցութիւն:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մէջ իտալական զօրամասին դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ այդ դերակատարութիւնը պիտի շարունակուի:
Նախագահ Սլէյման ողջունեց Պոնինոն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան համար:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց բանակին կատարուելիք օժանդակութեան յատուկ խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը` դրուատելով ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական ջոկատին առաքելութիւնը:
Այն Թինէի Մէջ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պոնինոն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու հարաւային Լիբանանի մէջ իտալական ուժերուն առաքելութեան վերաբերող հարցեր:
Միքաթիի Մօտ
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Իտալիոյ դիւանագիտութեան պետը, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուող զօրակցութեան համար, ըլլայ ան տնտեսական թէ քաղաքական:
Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բանակին օժանդակելու եւ Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն աջակցելու իտալական պատրաստակամութեան համար:
Իր կարգին, Պոնինօ շեշտեց, որ իր այցելութեան նպատակն է լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւններուն ամրապնդումը:
Սալամ Ընդունեց Պոնինոն
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Պոնինոն: Քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Մանսուր–Պոնինօ Հանդիպում
Պուսթրոս պալատին մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր Պոնինոյի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին իտալացի իր պաշտօնակիցին հետ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ:
Մանսուր յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին ընթացքին կայացող բանակցութիւններուն յաջողութեան:
Իր կարգին, Պոնինօ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան համար հիմնական երկու խորհրդաժողովներ տեղի պիտի ունենան: Անոնցմէ առաջինը պիտի գումարուի 5 մարտին` Փարիզի մէջ, իսկ երկրորդը` Հռոմի մէջ:
Պոնինօ հաստատեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` յոյս յայտնելով, որ պետական հաստատութիւնները իրենց ամբողջական դերակատարութիւնը կատարեն այդ իմաստով:
Պոնինօ ուղղուեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանան, ուր ստուգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն իտալական զօրամասը, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ:
Իտալական զօրամասին գտնուած վայրէն` Շամաա գիւղաքաղաքէն Պոնինօ յայտարարեց, որ Իտալիա պիտի չնուազեցնէ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող իր ջոկատին զինուորներուն թիւը:


