
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին վերահաստատեց, որ ինք կը սպասէ եւ կը հետեւի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` աւելցնելով, որ ինք պիտի սպասէ յայտարարուելիք կառավարութեան կազմին, որուն սահմանադրական ըլլալուն հիման վրայ պիտի ճշդէ իր կեցուածքը:
Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է չաճապարել, իսկ անդրադառնալով շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւններուն, որ խորհրդարանը 25 մարտէն ետք կը կորսնցնէ օրէնսդրական իր իրաւունքները, Պըրրի ըսաւ. «Խորհրդարանը իր օրէնսդրական իրաւունքները կը կորսնցնէ նախագահական նստաշրջանի աւարտէն 10 օր առաջ»:
Յետմիջօրէին Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի հետ:


