ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւններ գործեց Լիբանանի վերեւ` թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործելով Իքլիմ Թուֆֆահի, Պընթ Ժպէյլի, Թըպնինի, Մերժահիունի, Քֆարքիլայի, Ատայսէի եւ Նապաթիէի վերեւ, խախտելով Լիբանանի օդային սահմանները եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Սմահայի պաշտպան փաստաբանը Զինուորական ատեանին ներկայացուց Սմահայի ազատ արձակումը պահանջող խնդրագիր մը, որ սակայն մերժուեցաւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրի կողմէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութեան մօտալուտ ծնունդին մասին կատարուած յայտարարութիւնները կը մնան տեղեկատուական շրջանակին մէջ:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան Լիբանանի ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ կառավարութեան նոր կազմը քանի մը ժամէն պիտի յայտարարուի, հակառակ անոր մասին տիրող լուրջ տարակարծութիւններուն:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ արուարձաններու «Հատի Նասրալլա» մայրուղին երէկ կէսօրին երկու ժամուան համար փակ մնաց, երբ ի յայտ եկաւ, որ շրջանին մէջ կը գտնուի կեղծուած թիւով ինքնաշարժ մը: Բանակի սակրաւորները ստուգեցին ինքնաշարժը, որ փաստուեցաւ, թէ ականուած չէր:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութեան հետ պիտի վարուին իբրեւ յեղաշրջում եւ անոր դէմ իրենց ամբողջ ուժով պիտի պայքարին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ պենզինի եւ մազութի թիթեղներուն սակերը նուազած են 100 լ. ոսկիով, իսկ կազինը` 600 լ. ոսկիով:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան վերածուած է համայնքային դժոխքի մը, իսկ Իրան զայն վերածած է ոճրագործութիւններու խարիսխի մը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան նոր կազմը մինչեւ վաղը` ուրբաթ, 7 փետրուար, պէտք է յայտարարուի` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ուրբաթ օր պիտի մեկնի Թունուզ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ռատարներ չունի` Մեհրապի վերեւ թռչող հետախուզական օդանաւը տեսնելու: Ան նշեց, որ ինք այդ մասին իմացած է Մեհրապի մէջ գտնուող ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրի մը ընդմէջէն: Միւս կողմէ, Շարպել մերժեց վերադառնալ լիբանանեան շրջաններուն մէջ անձնական ապահովութեան հաստատումին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱ իր վերջնական որոշումը տուած է մաս չկազմելու այնպիսի կառավարութեան մը, որուն մաս չի կազմեր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ կ՛ուղղէ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու: Անդրադառնալով Մեհրապի վերեւ թռիչք գործող հետախուզական օդանաւին` Ժահժահ յայտնեց, որ անոր դէմ միջոցառումներ որդեգրուած են:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները տրամադրած են այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք առաջնորդած են բացայայտելու Շուէյֆաթի անձնասպանական գործողութեան մանրամասնութիւնները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ քրիստոնեայ հզօրագոյն խմբաւորումը միշտ քննարկումներէ հեռու կը պահուի եւ այս մէկը ընդունելի չէ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պիտի հրաժարին կառավարութենէն եւ մնացեալին աշխատանքին արգելք պիտի հանդիսանան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը բարդ գործողութեան մը վերածուած է, որովհետեւ հերթագայութեան սկզբունքին դէմ կեցուածքներ արձանագրուած են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ ընթացիկ հարցերու համախմբող կառավարութիւն մը աւելի լաւ է, քան միագոյն կառավարական կազմ մը:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր Օմար Աթրաշը ամբաստանեց Հարեթ Հըրէյքի զոյգ պայթումներուն ծիրին մէջ ոճիրներ գործելու յանցանքով:


