Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ժիհատականներու կայքերը տարածած են տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու շարքին կռուող ազրպէյճանցի երեք զինեալներ մահացած են:
Անոնք եղած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ կռուող եւ ահաբեկչական նկատուող Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորման կազմին մէջ եւ սպաննուած են կառավարական ուժերու կողմէ:
Անոնցմէ երկուքին անունը յայտնի չէ, միայն կը հաղորդուի, որ երրորդին անունը Ուրֆան է: Անոր եղբայրը քանի մը տարի առաջ սպաննուած է Աֆղանիստանի մէջ:
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակին սրուելէն ետք, Ազրպէյճանի խումբ մը քաղաքացիներ մեկնած են այնտեղ` կռուելու տարբեր ծայրայեղական խմբաւորումներու շարքերուն մէջ:
Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմի ընթացքին սպաննուած է աւելի քան հարիւր ազրպէյճանցի ժիհատական:


