
«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիին կոչ ուղղած է` աշխուժացնելու Մոսկուայի հետ բանակցութիւնները եւ առանձինն լուծելու Ռուսիոյ հետ խնդիրները` առանց յոյս դնելու Եւրոպական Միութեան վրայ:
Ըստ օրաթերթի տեղեկութեանց, Վրաստանի վարչապետը Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավարին հետ հանդիպում ունեցած է իր եւրոպական շրջագայութեան ծիրին մէջ: Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոյի հետ զրոյցէն առաջ Ղարիպաշվիլի ներկայ եղած է Տաւոսի տնտեսական խորհրդաժողովին եւ խօսք արտասանած Միւնիխի մէջ անվտանգութեան հարցերով վեհաժողովին ընթացքին:
Արձագանգելով վարչապետի միւնիխեան ելոյթին` Պարոզօ անոր հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Վրաստանի ձգտումին եւ երկրի նոր իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ աշխուժացնելու Մոսկուայի հետ երկխօսութիւնը:
Ըստ անոր, «Եւրոպական Միութիւնը կը յարգէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն նկատել կու տայ, որ Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւնը տագնապին լուծման միակ միջոցն է»:
Այդ յայտարարութիւնը Թիֆլիսի մէջ ընդունած են իբրեւ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը վրացական ղեկավարութեան վրայ ձգելու Եւրոպական Միութեան ձգտում եւ այդ հոլովոյթին չխառնուելու ցանկութիւն:
Վրաստանի ընդդիմութիւնը արդէն իշխանութիւնները մեղադրած է Արեւմուտքի աջակցութեան կորուստին համար:


