
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ Իրան կատարած իր այցելութենէն ետք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է Իրանի հետ «վարելու նոր ու առաւել ընդլայնուած երկխօսութիւն, որ նաեւ պիտի ընդգրկէ մարդկային իրաւանց հետ կապուած հարցեր»:
Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը յատուկ կերպով ընդգծած է հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ բանակցութիւններուն կարեւորութիւնը: Ըստ անոր, այստեղ շատ կարեւոր բաներ կան, եւ եթէ բանակցային հոլովոյթը աւարտի անյաջողութեամբ, ապա ատիկա կրնայ յանգեցնել իրանեան հասարակութեան` արտաքին աշխարհէն առաւել եւս մեկուսանալուն:
«Մօտս յստակ տպաւորութիւն ստեղծուած է, որ հասարակութիւնը նոր եւ աւելի բաց ապագայ կը փնտռէ: Սակայն մենք չենք կրնար թերագնահատել այն ուժերը, որոնք դէմ են փոփոխութիւններուն», նշած է Պիլտթ:


