«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախկին վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի կարծիքով, Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի կնքումը, որ նախատեսուած է օգոստոսին, անպայման տեղի պիտի ունենայ:
«Ես կը վերլուծեմ իրավիճակը, եւ կը կարծեմ, որ չկայ իրական ուժ մը, որ պիտի կարենայ խոչընդոտել այս հոլովոյթի իրականացումը: Ոչ ոք եւ ոչինչ պէտք է խանգարէ զայն», ըսած է Իվանիշվիլի` աւելցնելով, որ միեւնոյն ժամանակ Վրաստան կը պատրաստուի իր բոլոր ջանքերը ներդնելու` որքան կարելի է շուտ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու համար:


