Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Կառավարութեան Եւ Ընդդիմութեան Պատուիրակութիւնները Պիտի Մասնակցին Բանակցութեանց Երկրորդ Փուլին

February 5, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժարպա եւ Լաւրով
Ժարպա եւ Լաւրով

Սուրիական ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պիտի մասնակցի «Ժընեւ-2»-ի բանակցութեանց երկրորդ փուլին, որ նախատեսուած է 10 փետրուարին:

Հանդիպումէն ետք Լաւրով յայտնեց, որ Ազգային համաձայնական մարմինին «Ժընեւ-2»-ի մասնակցութիւնը կու գայ հաստատելու, որ մարմինը Սուրիոյ տագնապին լուծման համար ճիշդ ուղին ընտրած է:

Նախքան այդ հանդիպումը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը պիտի մասնակցի «Ժընեւ-2»-ի բանակցութեանց երկրորդ փուլին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան առաջարկեց բանակցութեանց ընթացքին կազմել աշխատանքային խմբակներ, որպէսզի կարելի ըլլայ զինադադարի, մարդասիրական հարցերու եւ փոխանցման վարչական մարմինի ստեղծման նման շարք մը հարցերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:

Կաթիլով նաեւ յայտարարեց, որ սուրիական կառավարութիւնը պատրաստ է իր քիմիական զէնքերու ոչնչացման աշխատանքը շարունակելու 1 մարտին` աւելցնելով, որ Դամասկոս մտադիր է այս ամիս իր քիմիական զէնքերէն բաժին մը արտասահման ուղարկելու:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկեան կողմը Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին առաջարկած է սուրիական տագնապի լուծման այլ մեքանիզմներ մշակել:

Ռուս դիւանագիտական աղբիւր մը եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը հաստատած են այս տեղեկութիւնը: Խօսքը կը վերաբերի շրջանային նոր ձեւաչափի մը, որ պիտի գայ ամբողջացնելու «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի ընթացքին միջսուրիական բանակցութիւնները:

Ուաշինկթըն կ՛առաջարկէ այդ զուգահեռ բանակցութիւններուն մէջ ներառել 5 մասնակից` Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Իրանը:

Ըստ աղբիւրին, ռուսական կողմը այս գաղափարը ընդհանուր առմամբ ընդունած է: Մոսկուա արդէն անցեալ տարի Ուաշինկթընին առաջարկած էր բանակցային ձեւաչափ` ամբողջացնելու համար միջսուրիական բանակցութիւնները, եւ օրին Միացեալ Նահանգներ այդ նախաձեռնութիւնը նպատակայարմար չէին նկատած:

 

Նախորդը

Մամետեարով Անդրադարձած Է Սուրիոյ Մէջ Կռուող Ազրպէյճանցի Զինեալներու Հարցին

Յաջորդը

Իվանիշվիլի.«Վրաստան Օգոստոսին Անպայման Պիտի Ստորագրէ Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.