Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկիր Մոլորակի Բնակչութեան Կէսը Կ՛ուզէ Լքել Իր Հարազատ Երկիրը

February 4, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Immigration«Յոյսի ու յուսահատութեան համաշխարհային ցուցանիշ» տարեկան հարցախոյզը այս տարի կատարուած է աշխարհի 65 երկիրներու մէջ, եւ ատոր արդիւնքները կը վկայեն, որ Երկիր մոլորակի բնակչութեան կէսէն աւելին կը փափաքի այլ երկիր մը մեկնիլ:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն միայն 38 առ հարիւրը ըսած է, որ ոչ մէկ տեղ կ՛ուզէ տեղափոխուիլ` ընդգծելով, որ երջանիկ կը զգայ միայն իր հայրենիքին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի այն երկիրներուն, ուր հարցախոյզին մասնակիցները մեկնելու ամէնէն մեծ ցանկութիւնը յայտնած են, ապա անոնք են` Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան, Զուիցերիան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Բրիտանիան, Իտալիան, Սէուտական Արաբիան, Սպանիան եւ Պրազիլը:

Հարցախոյզին մասնակիցները ցոյց տուած են, որ իրենց հայրենիքի առաջարկած կեանքէն դժգոհ կը մնան հիմնականին մէջ այն երկիրներուն բնակիչները, ուր տեղի ունեցած են պատերազմներ, ազգամիջեան տագնապներ կամ ալ գոյութիւն ունին տնտեսական խնդիրներ:

Առաւելաբար արտագաղթելու ցանկութիւն յայտնած են Աֆղանիստանի, Քոսովոյի, Փաքիստանի, Սերպիոյ, Ուքրանիոյ, Չինաստանի, Լեհաստանի, Մեքսիքայի, բնակիչները: Իսկ Թայլանտի, Ֆիճիի, Ճափոնի, Արժանթինի, Քոլոմպիոյ, Պրազիլի, Շուէտի, Դանիոյ, Ֆինլանտայի ու Աւստրալիոյ մէջ հարցախոյզին մասնակից բնակչութեան կէսէն աւելիին մտքէն իսկ չէ անցած հայրենիքէն հեռանալու գաղափարը:

 

 

Նախորդը

Նոր Զելանտան Կրնայ Նոր Պետական Դրօշ Ունենալ

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Վարչապետը Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Շտապ Խորհրդակցութիւն Կատարած Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.