ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճոն Քին հաղորդած է, որ կառավարութիւնը պիտի քննարկէ պետական դրօշի փոփոխութեան հարցով հանրաքուէ կատարելու հարցը:
«Թեքնիք գետնի վրայ այդ հարցը կրնայ լուծուիլ խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան միջոցով, սակայն իմ կարծիքովս, պէտք է հանրաքուէ տեղի ունենայ», ըսած է կառավարութեան ղեկավարը:
Ան խոստովանած է, որ նորզելանտացիներուն կէսը համամիտ է այդ փոփոխութեան, իսկ մնացեալ մասը կը կարծէ, որ պէտք է ամէն ինչ ձգել ինչպէս որ է:
Նոր Զելանտայի դրօշը պաշտօնապէս հաստատուած է 1902-ին: Անիկա կապոյտ է, անկիւնը բրիտանական դրօշի պատկերն է եւ դրօշին վրայ հնգաթեւ 4 աստղեր կան: Շատերուն հաճելի չի թուիր, որ դրօշը չափազանց նման է աւստրալիականին: Սակայն դրօշի այլընտրանքի տեսքին շուրջ միասնական տեսակէտ չկայ:
Խորհրդարանի անդամներէն շատերը կ՛առաջարկեն ընդհանուր տեսքը նոյնը ձգել եւ հանել միայն Բրիտանիոյ խորհրդանիշը:


