
Թուրքիա այցելած Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Հրանդ Տինքի այրիին` Ռաքէլ Տինքի, եւ եղբօր` Օրհան Տինքի հետ: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ հանդիպումը լրատուամիջոցներու համար փակ եղած է:
Հանդիպումին աւարտէն ետք Օրհան Տինք լրագրողներուն ըսած է, թէ հանրութիւնը հետաքրքրող որեւէ բան չէ քննարկուած: «Փակ, «ընտանեկան» հանդիպում էր: Հանրութիւնը հետաքրքրող ոչինչ խօսած ենք», ըսած է ան:
Հանդիպումը տեւած է շուրջ կէս ժամ: Այն հարցումին, թէ հանդիպումին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը քննարկուա՞ծ է, Օրհան Տինք բացասական պատասխան տուած է: Իսկ Ռաքէլ Տինք հարցերու տարափին ի պատասխան ըսած է. «Այնպիսի բան չկայ, որ դուք չգիտնաք»:


