Երէկ ամբողջացաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր, ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի մահուան 95-ամեակը: Արամ Մանուկեանի մահուան 95-ամեակին նուիրուած յիշատակի օրը սկսաւ Ոստիկանութեան շէնքին մօտ: Ոստիկանութեան աշխատակիցները ծաղիկներ զետեղեցին առաջին հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարի կիսանդրիին մօտ:
Մինչ այդ, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Երեւանի մարզային կոմիտէին, բազմաթիւ հայորդիներ ուղղուեցան դէպի Երեւանի քաղաքային պանթէոն, ուր կը գտնուի Արամ Մանուկեանի շիրմաքարը` յարգանք մատուցելու համար մեծ հայորդիի յիշատակին:
Այս առիթով Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ըսաւ. «Արամ Մանուկեան ցոյց տուաւ, որ առանց ազգային մտածողութեան կարելի չէ կայացնել, ուժեղացնել պետութիւնը եւ կարելի չէ ըլլալ արժանապատիւ քաղաքացի»:


