Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵԶԻ ԿՐՆԱՆ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼ, ԲԱՅՑ ԱՌԱՆՑ ՄԵԶԻ- ՈՉԻՆՉ ԿՐՆԱՆ ՈՐՈՇԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԳԷՈՐԳԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

June 23, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գէորգի Պետրոսեան

«Մեզի կրնան ոչնչացնել, բայց առանց մեզի ոչինչ կրնան որոշել», յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան` Վրաստանէն, Աբխազիայէն, Հարաւային Օսեթիայէն, Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն լրագրողներու մասնակցութեամբ նախանցեալ օր տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Ըստ անոր, ներկայիս հիմնական խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փաստացի ճանաչումն է եւ բանակցային հոլովոյթը, որուն ղարաբաղեան կողմը չի մասնակցիր այս հանգրուանին, բայց տեղեակ է ամէն ինչէ:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ղարաբաղեան կողմը կրնա՞յ որեւէ ազդեցութիւն ունենալ բանակցային հոլովոյթին վրայ, Պետրոսեան նշեց, որ Ղարաբաղը ներկայացուցած է իր դիրքորոշումը, որ ոչ մէկ լուծում կրնայ ընդունուիլ առանց իրեն: Նախարար Պետրոսեան համոզում յայտնեց, որ այդ դիրքորոշումով ալ Ղարաբաղը արդէն կ՛ազդէ ներկայ հոլովոյթին վրայ:

Ան նաեւ նշեց, որ ղարաբաղեան կողմը մէկ անգամ չէ, որ յայտարարած է բանակցութիւներուն Ղարաբաղի մասնակցութեան անհրաժեշտութեան մասին: Ըստ անոր, Ղարաբաղին վերաբերող միջազգային փաստաթուղթերուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուած եւ ընդունուած է իբրեւ տագնապի կողմ: «Եւ եթէ մենք` իբրեւ տագնապի կողմ, կարելիութիւն ունէինք կանգնեցնելու պատերազմը եւ ստորագրելու այդ փաստաթուղթերուն տակ, ապա իրաւունք ունինք նաեւ կառուցել խաղաղ ապագայ մը», յայտարարեց Գ. Պետրոսեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ընդունելի՞ են Քազանի մէջ ընդունուելիք փաստաթուղթի կէտերը, որոնց հիմքին մէջ մատրիտեան սկզբունքներն են, նախարարը յայտնեց, որ չ՛արժեր ատիկա դիտել իբրեւ փաստաթուղթ, որովհետեւ բաւական յստակ այդ տեղեկութեան մէջ նշուած է, որ անիկա 2007-էն է: Ըստ անոր, այդ ժամանակէն մինչեւ այսօր շատ ջուրեր հոսած են: Նախարարը նշեց, որ ղարաբաղեան կողմի բաւական յստակ դիրքորոշումը փոխանցուած է նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն:

Ան յայտարարեց նաեւ, որ Ազրպէյճանի հետ նստելով բանակցութիւններու սեղանին շուրջ` պատրաստ են քննարկելու բոլոր հարցերը, ինչպէս` տարածքային, գաղթականներու վերադարձի, բայց հաւասար պայմաններով: Ըստ անոր, Ղարաբաղը պէտք է իր ճակատագիրին վերաբերող հարցերը ինքը լուծէ:

 

Նախորդը

«ԳԱՅԵԱՆԵԱՆՑ» ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ` ԺԻՊԷՅԼԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ ԼԱ. ՀԱՏՈՐԻ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։