
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու ղեկավարները համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած են:
Հասանով Ֆրանսա իր այցելութեան ծիրին մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է Ֆրանսայի զինուորական ղեկավարութեան եւ այն ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնք զինուորական արտադրութեամբ կը զբաղին:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր:


