
Ռուսական «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Քոզաք այն կարծիքը յայտնեց, որ Ռուսիոյ անհրաժեշտ է մուտքի արտօնագիրի դրութիւն սահմանել դրացի շարք մը պետութիւններու համար, որոնց հետ այժմ մուտքի արտօնագիրի դրութիւն չի գործեր, եւ ուրկէ կու գան գաղթականներու հիմնական հոսքերը:
«Կը կարծեմ, որ մուտքի արտօնագիրները անխուսափելիօրէն անհրաժեշտ են, որովհետեւ պետութիւններու ընկերային-տնտեսական զարգացման մակարդակը, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, տարբեր է: Եթէ մենք չկարգաւորենք գաղթականներու հոսքը մուտքի արտօնագիրի միջոցով, մենք չենք կրնար պաշտպանել մեր երկիրը նոյն ազգամիջեան տագնապներէն», յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ մուտքի արտօնագիրը պիտի սահմանուի, սակայն ապագային, ան ըսած է. «Կը կարծեմ, որ տեսանելի ապագային ատոնք անպայման պիտի սահմանուին, մանաւանդ որ մենք Եւրոպական Միութեան հետ արդէն շատոնց բանակցութիւններ կը վարենք Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան սահմանման շուրջ, եւ ատիկա պայմաններէն մէկն է` ամրապնդել Ռուսիոյ արտաքին սահմանները: Առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան սահմանումին, մենք դժուար թէ համաձայնութեան գանք Եւրոպական Միութեան հետ, որպէսզի Ռուսիոյ քաղաքացիները կարենան ազատ տեղաշարժիլ Եւրոպական Միութեան մէջ: Ասիկա ազգային շահերու պաշտպանութեան կարեւոր խնդիր է: Որովհետեւ այնպէս եղաւ, որ մենք այլեւս չենք ապրիր միասնական պետութեան մէջ, ապա իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է գործէ` մեկնելով նախ եւ առաջ ազգային շահերու ապահովման պատկերացումներէն: Պիտի ըլլան այլ պետութիւններ, անոնք պիտի հաւասարին, պիտի հասնին նոյն մակարդակին, օրինակ` իրենց երկիրներու ընկերային-տնտեսական զարգացման, պիտի ըլլայ անվտանգութեան նոյն մակարդակը… Հաւանաբար, ժամանակի ընթացքին, այնպէս, ինչպէս ատիկա տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ, այդ մուտքի արտօնագիրը պիտի վերցուի, սակայն ընկերային-տնտեսական զարգացման ներկայ փուլին մէջ մենք չենք կրնար առանց ատոր մնալ: Այդ իսկ պատճառով այսօր Եւրոպայի մէջ կը գործէ մուտքի արտօնագիրի դրութիւն Ափրիկէի երկիրներուն հետ, թէեւ ատիկա չի փրկեր արտաքին գաղթականներու հոսքէն, չի փրկեր տնտեսական մեծ վայրերուն մէջ, տնտեսական կեդրոններուն մէջ գաղթականներու կեդրոնացումէն, չի փրկեր ազգամիջեան տագնապներէն»:


