Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ յետմիջօրէին բանակը Քասր-Հերմել սահմանամերձ շրջանին մէջ քաղաքացիներուն միջեւ զինեալ բախումները հակակշիռի տակ առած է:
Աւելի ուշ բանակին զօրամասերը ներխուժած են զինեալներուն բնակարանները, ուր անոնք գրաւած են զէնքեր, ձեռնառումբեր, բջիջային հեռաձայններ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ սուրիական ինքնաշարժներու յատուկ թիւեր:
Բանակը գրաւեց նաեւ «Մերսետես» տիպի ինքնաշարժ մը, որուն մէջ դատարկ փամփուշտներ կային:
Իր գրաւած զէնքին ու զինամթերքին կողքին, բանակը ձերբակալեց նաեւ մեծ թիւով յանցագործներ:


