Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայէն փոխանցեց Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով պատգամ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան վտանգաւոր եւ զգայուն պայմաններ կը դիմագրաւէ` կոչ ուղղելով զգուշ ըլլալու:
«Պէտք է գիտնանք, որ ոչ համախոհական որեւէ քայլի հետեւանքը պիտի ըլլայ ազգային միասնականութեան քայքայումը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ յարաբերութիւններու խզումն ու պառակտումը: Ասիկա իր կարգին կը նշանակէ մուտք գործել շրջանին դիմագրաւած յարանուանական եւ համայնքային տագնապներուն մէջ», ըսաւ ան:
Միւֆթի Քապպանի ընդգծեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անիկա բոլորին պատասխանատուութիւնն է:


