
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ձախողեցուցած է նախկին երեսփոխան Իսմայէլ Սուքքարիան առեւանգելու փորձ մը: Սուքքարիան առեւանգելու փորձի յանցանքով բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց Արսալի բնակիչ Հիւսէյն Հուժէյրին, որուն դէմ արդէն իսկ տասը բերման գիրեր արձակուած են` բանակին դէմ յարձակելու եւ այլ յանցագործութիւններ գործած ըլլալուն համար:
Նշենք նաեւ, որ Հուժէյրի մաս կազմած է այն խմբաւորումին, որ ամիսներ առաջ Արսալի մէջ առեւանգած էր Զահլէի բնակիչներէն Գրիգոր Ֆոսեանը:
Սուքքարիա յայտնեց, որ իրեն հետ պատահած միջադէպին մանրամասնութիւնները փոխանցուած են ապահովութեան ուժերուն` աւելցնելով, որ ինք Հիւսէյն Հուժէյրին չի ճանչնար:


