Ընդհանուր դատախազը փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտ երէկ որոշեց Քայիտայի հետեւորդ «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգի ղեկավար Մաժետ Մաժետի դիակը յանձնել սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան:
Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները դեսպանատան պիտի յանձնեն Մաժետի դիակը` ի յայտ գալէ ետք, որ ան բնական մահով մահացած է:
Ասիրի աւելցուց, որ դեսպանատունը Մաժետի դիակը անմիջապէս Ռիատ պիտի փոխադրէ` զայն յանձնելու համար անոր հարազատներուն:
Միւս կողմէ, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի իսլամական աղբիւրներուն համաձայն, «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգի իսլամական ղեկավար Թաուֆիք Թահայի անունը ցարդ չէ առաջարկուած` փոխարինելու վերջերս մահացած Մաժետ Մաժետը:
«Նաշրա» կայքէջը, որ կը հաղորդէ լուրը, կ՛աւելցնէ, թէ Թահա վճռած է մերժել նման «պաշտօն» մը` խուսափելու համար գաղթակայանը լիբանանեան-սուրիական հաւանական հարցերու մէջ մխրճելէ:


