«Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին գումարումը ինքնին նախնական յաջողութիւն է Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման վարկածին», յայտարարեց Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին` ընդունելէ ետք Ժողովրդային մարմիններու եւ լիկաներու համախմբումի պատուիրակութիւնը:
«Ասիկա կարելի է յատկապէս, որ աշխարհի պետութեանց մեծ մասը համոզուած է, թէ Սուրիոյ տագնապի լուծման համար, բացի երկխօսութենէն եւ քաղաքական լուծումէն, ուրիշ ելք չկայ», ընդգծեց Զասպիքին:


