ԲԱՆԱԿԻ հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան օդուժը հիւսիսային Պեքաայի եւ Պաալպեքի վերեւ ցած մակարդակի թռիչքներ ու կեղծ ռմբակոծումներ կատարած է, ինչպէս նաեւ ջերմութեան փուչիկներ նետած:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ 8+8+8 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու առումով իրենք տակաւին յստակ պատասխան մը չեն ստացած Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենց համար կառավարութեան ձեւէն աւելի կարեւոր է կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային ծրագիրը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ կոչ ուղղեց քաղաքական համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ բուռն կերպով դատապարտեց Թրիփոլիի «Սայեհ» գրադարանի հրկիզումը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ մինչեւ երեքշաբթի, 14 յունուար պիտի սպասէ համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու առումով, այլապէս` ան պիտի կազմէ չէզոք կառավարութիւն մը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ տեսակէտները մօտեցնելու նպատակով: «Կարեւորը ամէնէն մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը կազմելն է», ըսաւ Ժոմպլաթ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութեան:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Տէյվիտ Հէյլ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժերու հետ հանդիպումներուն ընթացքին որոշ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ իրենք համաձայն են կազմելու համախոհական կառավարութիւն մը, որովհետեւ ներկայիս տիրող պայմանները միայն երկխօսութիւն կ՛ենթադրեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ իրենք կառավարութեան կազմութեան մասին իրենց ուղղած հարցումներուն պատասխանի մը կը սպասեն` աւելցնելով, որ նոր դահլիճ մը ունենալու իմաստով դրական կամ ժխտական պայմաններ չկան:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէ, գրեց, թէ Փարիզ օր մը օրանց համաձայն չէ գտնուած հանրապետութեան նախագահին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու: Նոյն օրաթերթին համաձայն, արեւմտեան ուժեր ճնշում պիտի բանեցնեն յառաջիկայ մարտին Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու համար:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա պահանջած է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յանձնել ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ նշեց, որ Հըզպալլայի` Պաապտայի յայտարարութեան համաձայն գտնուիլը կը նշանակէ Սուրիայէն հեռանալ:
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ պատրաստուած դաւադրութիւնը օրըստօրէ յստակ կը դառնայ` երկրին մէջ գործուած պայթումներով:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, նախագահական կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու կարիքը չկայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի դժուար կացութեան մը դիմաց` մաղթելով, որ կարելի ըլլայ այդ հանգրուանը նուազագոյն վնասներով շրջանցել:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել ընդգծեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը սպառնալիքներու թղթածրարը կը հետապնդէ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան շատ դժուար հանգրուան մը կը դիմագրաւէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Հարեթ Հըրէյքի պայթումը կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելու յստակ փորձ մըն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս շեշտեց, որ 8+8+8 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը շրջանառութեան մէջ դրուած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը թիւերու հարց չէ, այլ` քաղաքական հիմնախնդիրներու:
«ՌԻԱՏ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` կանխարգիլելու համար կատարուած իրողութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը կրնայ օժանդակել քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ նուազագոյն համաձայնութիւն գոյացնելու առումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի առաջարկեց կազմել անկախ անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութիւն մը եւ կոչ ուղղեց քաղաքական տարակարծութիւնները Ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին լուծելու:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի խորհրդական Խալտուն Շերիֆ յայտնեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է լիովին կատարեն իրենց պարտականութիւնները եւ պաշտպանեն երկիրն ու օրէնսդրութիւնը:


