
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ յառաջիկայ օրերուն Թուրքիոյ մէջ փտածութեան այլ գայթակղութիւն մը պիտի բացայայտուի:
Ան յիշեցուցած է, որ իր կուսակցութիւնը շատոնց յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը վտանգուած է:
«Երկրին մէջ իշխանութիւնը բաժանելու սկզբունքը խախտած է: Ես վստահ եմ, որ յառաջիկայ օրերուն մենք կառավարութեան կողմէ գործուած փտածութեան այլ խախտումներու ականատես պիտի ըլլանք», ըսած է Քըլըճտարօղլու:
Ընդդիմութեան ղեկավարը հերքած է վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնները, թէ երկրին մէջ փտածութեան գայթակղութիւնը, որուն ծիրին մէջ տասնեակ մը պաշտօնատարներ ձերբակալուած են, տեղի ունեցած է կառավարութիւնը տապալելու համար:
«Յստակ կ՛երեւի նախարարներու եւ այլ բարձրաստիճան անձերու մասնակցութիւնը փտածութեան», յայտարարած է Քըլըճտարօղլու:
Մինչ այդ, Եւրոպական Միութեան հարցերով Թուրքիոյ նոր նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց «լրատուամիջոցներու ճամբով միակողմանի եւ անհամբեր յայտարարութիւններ չկատարելու» եւ փտածութեան հարցով իրադարձութիւններուն նկատմամբ հանդարտ մնալու:
«Ոչ ոք պէտք է Թուրքիոյ օրէնքի իշխանութեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթէն բխող պարտաւորութեանց նկատմամբ որեւէ մտահոգութիւն ունենայ», գրեց ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ:
Եւրոպական յանձնաժողովի մէկ բանբերը` Օլիվիա Պայի, 8 յունուարին յայտնած էր, որ «վերջին զարգացումները մտահոգութիւն կը պատճառեն»:
«Մենք կը պահանջենք Թուրքիայէն` իբրեւ թեկնածու երկիր, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու պահանջներու կատարման վերաբերեալ պարտաւորութիւն ստանձնել, ներառեալ` իրաւական պետութեան սկզբունքներուն հետեւիլը, եւ ամէն ինչ ընել, որպէսզի բոլոր դիմումները, ներառեալ` որոշ ղեկավարներու կատարած խախտումներուն վերաբերեալ, հետաքննուին առանց խտրականութեան եւ անկողմնակալ կերպով», ըսած էր Օլիվիա Պայի:
Չաւուշօղլու ըսաւ, որ բոլորը պէտք է յարգեն ընթացող դատական հոլովոյթը: «Ընթացող դատական միջոցառումներուն վերաբերեալ մամլոյ ճամբով միակողմանի եւ անհամբեր կերպով կատարուած յայտարարութիւններէ պէտք է խուսափիլ, առ ի յարգանք օրէնքի իշխանութեան», ըսաւ նախարարը:
Միացեալ Նահանգներ Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի լրագրողներուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգութեամբ կը հետեւին Թուրքիոյ մէջ խորացող քաղաքական տագնապին եւ իրենց անհանգստութիւնը փոխանցած են թուրք ղեկավարներուն:
«Թուրքիոյ մէջ բոլոր առնչակից կողմերուն հետ մեր զրոյցներուն ընթացքին կը շարունակենք յստակ դարձնել, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին թուրք ժողովուրդին արդարութեան, այժմէականութեան եւ թափանցիկութեան բարձրագոյն արժէչափերուն համապատասխանող օրէնսդրական համակարգի մը փափաքին», ըսաւ ան:
Ուաշինկթըն կը հաւատայ համակարգի մը, «ուր ոչ ոք օրէնքէն գերակայ է եւ ուր պետական դէմքերու դէմ պնդումները անկողմնակալ կերպով կը հետաքննուին», աւելցուց Փսաքի:
«Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դաշնակից մըն է եւ կը մնայ», ըսաւ Փսաքի` նշելով, որ «մենք գետնի վրայ պատահած կարգ մը դէպքերու վերաբերեալ մեր մտահոգութիւնները արտայայտած ենք ուղղակի կերպով, հրապարակաւ եւ անհատական գետնի վրայ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը «ժողովրդավարութիւն յարգող ղեկավար մը » կը նկատէ՞, Փսաքի ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց տեսակէտը արտայայտած են «պատշաճ նկատուած» ձեւով:
«Պիտի ըսեմ, որ երբ (Էրտողանի) քայլերուն նկատմամբ մտահոգութիւններ ունենանք, զանոնք կ՛արտայայտենք: Եւ ատիկա բան մըն է, որ ահա այսօր կատարեցի», յայտնեց ան:
Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Անհետացած Է
Ընդհանուր Դատախազութեան Նամակը
Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ անհետացած է ընդհանուր դատախազութեան նամակը` նախկին նախարարներ Մուամմեր Կիւլերը, Զաֆեր Չաղլայանը եւ Էրտողան Պայրաքթարը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու վերաբերեալ: Նշեալ նախարարները հրաժարական տուած էին իրենց որդիներուն ձերբակալութենէն ետք:
3 յունուարին դատախազութիւնը հարցում ուղարկած էր խորհրդարան` նախկին նախարարները զրկելու խորհրդարանական անձեռնմխելիութենէն, սակայն հարցումը անհասկնալի կերպով անհետացած է:


