
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ բանակցութենէն օգտուելու` աւելցնելով, որ այդ բանակցութիւնը «Իսրայէլի առջեւ գտնուող լաւագոյն առաջարկն է»:
«Ասիկա լաւագոյն առաջարկն է, որ ձեռք կրնանք ձգել, եւ մենք կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի թափած ջանքերը», ըսաւ ան:
Լիպըրման պահանջեց Կազայի հետ «Չեչենիոյ» հետ վարմունքին նման վարուիլ` կոչ ուղղելով «մահապատիժի ենթարկելու արաբ իսրայէլացի երեսփոխանները, որոնք Համասէն անդամներու հետ հանդիպում ունեցան»:
Ան աւելցուց, որ «պիտի շարունակենք միասին ապրիլ եւ պիտի մնանք դրացիներ` ամբողջական լուծումի հասնինք, թէ ոչ: Բազմաթիւ խնդիրներ գոյութիւն ունին, ուստի այս ուղղակի հաղորդակցութիւնը, այս բանակցութիւնները եւ քննարկումները կարեւոր են եւ զանոնք պէտք է պահպանել»:


