Տակաւին Ամանորէն առաջ պարզ դարձաւ, որ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեան պիտի հրաժարի պատգամաւորական իրաւագիրէն:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան «Երկիրն այսօր»-ի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ տակաւին որոշում չէ տրուած, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէ Վահան Յովհաննիսեանը խմբակցութեան մէջ, եւ այդ հարցը պիտի քննարկուի աւելի ուշ` Ազգային ժողովի փետրուարին բացուող նստաշրջանի նախաշէմին:
Յիշեցնենք, որ Վահան Յովհաննիսեան, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, նշանակուեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:


