
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի նշեց, որ սուրիական կառավարութեան` «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան վերաբերեալ կեցուածքը յստակ է, եւ կառավարութիւնը լրջօրէն կը ձգտի, որ խորհրդաժողովը յաջողի: Ան նշեց, որ Սուրիա ահաբեկչութեան դէմ ճակատումի մէջ է:
Զոհպի ըսաւ, որ «Ժընեւ-2»-էն անջատ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունի միջսուրիական երկխօսութիւն մը, որ դրական արդիւնքի պիտի հասնի:
«Ժընեւի մէջ տրուելիք որեւէ որոշում, որուն հանրաքուէի ընթացքին սուրիացի ժողովուրդը իր անհամաձայնութիւնը կը յայտնէ, անարժէք է», յայտնեց ան` յոյս յայտնելով, որ Իրան մասնակցի խորհրդաժողովին:
Զոհպի նկատել տուաւ, որ գաղտնի սպասարկութեան ճակատը, որ Ռուսիոյ, Իրաքի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կատարուած ականահարումներուն ետին կը կանգնի, մէկ է:
Ան յայտնեց, որ Թուրքիա պէտք է իր սահմանները կատարելապէս փակէ, արգելք հանդիսանայ զինեալներու ներթափանցման, արգիլէ անոնց զինումը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա 13 յունուարին պիտի քննարկեն Իրանի դերը յառաջիկային Սուրիոյ հարցով տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Ֆարհան Հաք յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 13 յունուարին հանդիպում պիտի ունենան, իսկ ինք այդ հանդիպումին յոյսեր կը կապէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբերի տեղակալ Մարի Հարֆ յայտնեց, որ Իրան պէտք է «Ժընեւ-1»-ի յայտարարագիրը ընդունի, որպէսզի կարենայ «Ժընեւ-2»-ին մասնակցիլ: «ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մեզ տեղեակ պահեց, որ «Ժընեւ-2»-ի մասնակից սուրիացիներուն եւ արտասահմանցիներուն հրաւէրներ կ՛ուղարկէ, իսկ հրաւիրեալներուն ցանկը անցեալ 20 դեկտեմբերին ճշդուածն է. ինչպէս օրին յայտնեցինք, խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութեան վերաբերեալ որոշում չորդեգրուեցաւ», ըսաւ Հարֆ:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը պէտք է իշխանութենէն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման առաջնորդէ:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը իր յորդանանցի, քաթարցի եւ իրանցի պաշտօնակիցներուն եւ Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Ուսամա Նուճէյֆիի հետ քննարկած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արձանագրուած զարգացումները, ինչպէս նաեւ 22 յունուարին նախատեսուած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր:
Սուրիական ազգային խորհուրդը սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական խորհուրդին կոչ ուղղեց` միջազգային ընտանիքէն պահանջելու «Ժընեւ-2»-ը 6 ամիսով յետաձգել եւ սպառնաց համաձայնական խորհուրդէն հեռանալ, եթէ վերջինս «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու համաձայնի:
Զինուորական գետնի վրայ, Սուրիոյ չափաւոր իսլամականները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Ռաքքա քաղաքի հարաւարեւմտեան քանի մը շրջան, ուր հաստատուած էր Քայիտայի առնչակից Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորումը:
Բացի ատկէ, չափաւորական իսլամականները ծայրայեղականներէն խլած են Հալէպի նահանգին մէջ գտնուող չորս քաղաքներ: Անոնք քննադատած են ՏԱՀԵՇ-ը, որուն շարքերուն մէջ ընդգրկուած են օտարերկրացիներ` նշելով, որ այդ խմբաւորումը կը փորձէ վերահսկել Ասատի դէմ ապստամբութիւնը:
Քայիտայի առնչակից Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի երէկ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներուն եւ ժիհատականներուն կոչ ուղղեց իրենց միջեւ տեղի ունեցող բախումներուն վերջ տալու:


