Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան,շաբաթ, 4 յունուար 2014-ին տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած ԼԵՄ-ի Ամանորի խրախճանքը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Խրախճանքին մասնակցեցան աւելի քան 250 ԼԵՄ-ականներ, որոնք մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը երգեցին ու պարեցին: Խրախճանքին մասնակցեցաւ նաեւ Լիբանան գտնուող սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը, որ խանդավառ մթնոլորտը հասցուց իր գագաթնակէտին:
ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Յարութ Փամպուքճեանին, որ չմերժեց Կեդրոնական վարչութեան առաջարկը եւ սիրայօժար ներկայ գտնուեցաւ խրախճանքին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան սոյն ձեռնարկին յաջողութեան:


