Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Յղեց Սուրիահայութեան` Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով

January 4, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Karekin-IIԱմանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս հայրապետական օրհնութեան գիրով իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները ուղղեց սուրիահայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդներուն, աշխարհիկ ու հոգեւոր սպասաւորներուն, համայնքային պաշտօնէութեան, ազգային վարժարաններու տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն, սաներուն եւ համայն սուրիահայութեան:

«Այս օրերուն, երբ քրիստոնեայ աշխարհին հետ միասին համայն հայութիւնը կը պատրաստուի նշելու Ս. Ծննդեան տօնը, Մեր մտքին եւ ամէնօրեայ աղօթքներուն մէջ էք դուք, որ Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդին հետ միասին կը կրէք երկրին մէջ ծայր առած հակամարտութեան ծանր ու անդառնալի հետեւանքները»,  նշեց վեհափառ հայրապետը:

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայորդիներուն, որոնք հակառակ դժուար իրավիճակին, առկայ վտանգներուն, անորոշութեան ու փորձութիւններու պայմաններուն, կը շարունակեն արթուն պահել իրենց հոգեւոր ու ազգային կեանքը եւ զօրաւոր` նախանձախնդրութիւնը` մասնաւորաբար նոր սերունդին նկատմամբ հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան երախտարժան գործը:

«Սիրելի՛ հայորդիներ,

Սուրիահայ գաղութի պատմութեան մէջ բացառիկ դերակատարութիւն կատարած են հայկական վարժարանները, ուր կերտուած ու ձեւաւորուած են հայորդիներուն հոգիները, ներշնչուած են մայրենի լեզուի եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ սիրով ու նախանձախնդրութեամբ: Կոտորածներէն մազապուրծ ու Եղեռն վերապրած ձեր հայրերը ամէն դժուարութիւն ու զոհողութիւն յանձն առին, որպէսզի իրենց զաւակները ուսման կարօտ չմնան: Այսօր առիթ ունինք դրուատանքով անդրադառնալու, որ նախընթաց տասնամեակներուն ընթացքին Սուրիոյ ազգային վարժարանները կրթած են փայլուն սերունդներ, որոնք Սուրիոյ եւ աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած, կը ծառայեն մեր ժողովուրդին ու Ս. եկեղեցւոյ, աւանդ կը բերեն հայ մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան ու գիտութեան զարգացման:

® Վարժարաններու սիրելի՛ սաներ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն հայրական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը յղենք ձեզ եւ կ՛աղօթենք ձեր ու ձեր ծնողներուն, Սուրիոյ բոլոր մանուկներուն ապահովութեան համար: Թող ձեր ծնողներուն ու ուսուցիչներուն նախանձախնդրութիւնը` հանդէպ կրթութեան գործը, խրախոյս ըլլայ ձեզի համար, որպէսզի շարունակէք ջանադիր սորվիլ` ապագային ձեր կեանքով ու հայրենաշէն գործերով աւանդ բերելու ազգային ու հոգեւոր մեր կեանքի յաւելեալ շինութեան ու պայծառութեան», նշուեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրին մէջ:

Վեհափառ հայրապետը Ամենակալ Աստուծոյ զօրակցութիւնն ու պահպանութիւնը հայցեց սուրիահայ համայնքին համար` մաղթելով, որ Ս. Ծննդեան խորհուրդով բացուող 2014 թուականը խաղաղութիւն ու ապահովութիւն բերէ Սուրիոյ եւ անոր ամբողջ ժողովուրդին:

 

 

 

Նախորդը

Շարունակուող Հետաքննութեանց Լոյսին Տակ`. Հարեթ Հըրէյքի Պայթումին Առնչուող Ծալքերը Հետզհետէ Կը Բացայայտուին

Յաջորդը

Խմբագրական. «Մեծ Կաշառք»-ը Կրօնական Դպրոցներու Փակման Դիմաց Եւ Խորքային Պետութեան Ճշդած Սահմանները

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։