Խմբագրական
Ամանոր
Վերջին էջն ալ փրցուեցաւ օրացոյցին:
Տարի մըն ալ անցաւ` կարօտովը հին օրերուն:
Անեզրութեան մշուշէն եկող տարիները կ՛անցնին իրար ետեւէ այնքան արագ, որ կարծէք երէկը այսօր էր, ինչպէս այսօրը` չնչին մասնիկը ժամանակին անհուն:
Մարդը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր կ՛ապրի սին պատրանքովը հանգրուաններու, որոնք իր կեանքին ու գործին անտեսանելի, բայց անողոք սահմաններն են, անյեղլի օրէնքովը անիմանալիին:
Ո՞վ չի զգար սարսուռը, որ այս գիշերինն է, առանձնապէս այս ժամերուն, երբ մաշած հագուստի մը պէս կը նետենք Հինը, պճնազարդուելու համար Նորին շքեղանքով, որ սակայն նոյն կտաւէն է ու նոյն վախճանին սահմանուած:
Իւրաքանչիւր տարի սակայն, իւրաքանչիւր հանգրուան, նոր փորձութիւններու եւ նոր յայտնութիւններու գումարովը կ՛անցնի մեր վրայէն, մարդուն ու ժողովուրդներուն վրայէն, ու այն ատեն միայն կը գիտակցինք, թէ յաւիտենական ճամբորդն ենք անվախճան ճամբաներու, ուրկէ միլիոնաւոր սերունդներ եկան ու անցան, ու տակաւին միլիոնաւորներ պիտի անցնին:
Ոչ ոք կրցած է բռնել ժամանակը իր տարածքին վրայ, բայց կրցած է զայն սեւեռել իր խորութեան մէջը` մէկը իր կոթողական գործով, ուրիշ մը անմահ ստեղծագործութեամբ մէկ ուրիշը` հերոսական խոյանքով:
Ու ժողովուրդներու պատմութիւնը այդ խորապէս ապրուած պահերու շարքն է, իրենց ընտրելագոյն զաւակներուն կողմէ:
Հայ ժողովուրդը իր այսօրուան ու վաղուան առջեւ` պատմական վայրկեաններու ժառանգութեամբ հարուստ, ինքնավստահութեամբ կը դիմաւորէ ապագան, առողջ բնազդովը ազգերու, որոնք խոր գիտակցութիւնն ունին իրենց առաքելութեան եւ այն քաղաքակրթականի դերին, որուն նուիրեալ սպասարկուներն են:
Տարիները կու գան ու կ՛անցնին, ու ցեղին կամքը կը կռանուի շքեղութեամբը երազին, որ բոլոր սերունդներունը եղաւ` ըլլալու համար մերը, օտար ափերու վրայ, բայց այնքան մօտ հայրենիքին, անոր ջերմութեան եւ կենսայորդ ուժին, որ մեզ իրեն կը կապէ ոսկի շղթաներով, երանելի ջերմութեամբ:
Ու սերունդներ կը մեծնան եւ կը գործեն այդ երազին գեղեցկութեամբ, այս երազին դիւթանքով, որուն համար այնքան արիւն հոսեցաւ, այնքան կեանքեր զոհուեցան, այնքան շատ մեռելներ ունեցանք:
Պեղեցէք ոեւէ հայու հոգին ու հոն պիտի գտնէք կարօտը անցեալ փառքին ու յաղթանակը վաղուան, որ պիտի ըլլայ պայքարող ու գաղափարական սերունդներուն, որոնք արիւնագիր մուրհակ մը իրենց ձեռքին, անվհատ պահանջատէրն են իրենց հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան:
Տարուան այս վերջին օրը, ցնծութեան եւ ուրախութիւններու մշուշէն անդին, մեզմէ իւրաքանչիւրին միտքը կը թեւածէ, կ՛երթայ մինչեւ գերեվարուած հողերը, երբեմնի շէն օճախները մեր ժողովուրդին, որ քառասուն եւ աւելի տարիներ ետք, հակառակ իր աստանդական կեանքին, «հին գինիով յորդաբուխ` կ՛արբենայ տակաւին»:
Իւրաքանչիւր հայ մեծ բացակայ մըն է այսօր. գացած է հոն, լեռները հայրենի, առնելու պանդուխտի իր կարօտը Վանայ ծովէն, Սիփանէն ու Գրգուռէն, ապրելու հին օրերու գեղեցիկ աւանդութիւնները, որոնք գերիշխող ներկայութիւններ են մեր հոգիին մէջ, ընդդէմ օտարամուտ բարքերու եղծումին:
Այդ աւանդութիւններով հարուստ, անցեալին պաշտամունքովը զօրացած ժողովուրդներուն առջեւ` բաց են ապագայի լայնարձակ ճանապարհները: Ունինք հաւատքը այդ ապագային, կ՛ապրինք անոր համար, անոր երկրպագու, որովհետեւ գիտենք թէ ան պիտի ըլլայ այնքան մեծ, որքան կամքն է այսօր մեր անյողդողդ:
Ու վստահ եղէք, այդ կամքով ու հաւատքով, պիտի գայ այս միւս Ամանորը, շնորհաբաշխ ու աւետաբեր Ամանորը հայ ժողովուրդին, իր անամպ երկնքին պայծառ հորիզոնին վրայ:
