Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաղանդի Ծառին Առջեւ

December 31, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԳԵՂԱՐԴ

ChristmasTree-KԿանաչ պուրակէ մը առեւանգուած մայրիի սա փոքրիկ ծառը` նորէ՛ն կը կանգնի դէմս գիշերուան մէջ, տօնահանդերձ ու լուսազարդ: Ճիւղերու դալարիքին խաղալիքներու շողշողուն բեռը զուարթօրէն շալկած` հտպիտի ոսկեվառ ծամածռութիւններով, կը փորձէ երջանկութեան պատրանքը հիւսել միամիտ սրտերուն:

Ամէն տարուան նո՛յն խաղը, ամէն տարուան նոր խոստումի մը միեւնո՛յն խաբկանքը: Ինչպէ՜ս տրտում հեգնանքի կը վերածուի փշուր-փշուր ցանած կայծերուն թովչանքը:

Սահմանագլուխի վրայ աճած ծառ մը, հին տխրութիւններու վերջակէտը եւ նոր յոյսերու գլխագիր սկզբնատառը:

Բայց ո՞րն է նորը, եւ ո՞րը հինը:

Օրերը նոյնն են միշտ, դպրոցի զանգերու պէս համաչափ ու միօրինակ, միշտ գործի, կեանքի պայքարին կանչող, գումարտակի զինուորներուն բարոյալքիչ շարքով:

Ո՞ւր է սահմանը:

Ե՞րբ կը տարուի յաղթանակը: Ո՞ր կաղանդի ծառը կը բերէ կեանքի տգեղութիւններէն, վրիպումներէն ձերբազատուելու արձակուրդը:

Ամէն տարի յոյսերու ադամանդեայ տուփերով բեռնաւոր նաւը ա՛յս ժամուն կը քակուի օրերու քարափէն ու հետզհետէ կը սողանք պղտոր ջուրերու, անծայրածիր մթութիւններու գիրկը: Տարեվերջին կը մնայ կայմը միայն ալիքներէն դուրս, անդնդասոյզ նաւուն բարձրակէտը լոկ, երերուն կոթողը,- սա կանաչ ծառը, որուն կատարին թառած կը մնայ հաւատքի լուսեղէն աստղը:

Որքա՜ն աւելի ճշմարիտ, անկեղծ պիտի ըլլար այս ծառը եթէ կանգնէր մերկ, բոլորովին մերկ, մեր ծարաւներուն դիմաց: Աշնահա՛ր, պղնձաթոյր ճիւղերով: Եւ կամ, իրեն հայող յուսավառ աչքերուն եթերացեալ իր ճիւղերը երկարէին սովահարի մը ակռաներէն խլուած սեւ հացի կտոր մը, քսակահատի մը ածելին, հրացանազարկի մը սրտէն կորզուած արիւնոտ փամփուշտը: Եւ ի՛նչ շքեղ պիտի բոցավառէին տերեւներէն` արուեստական արծաթերիզներու փոխարէն, տրտում հոգիներէ,- սգահար աչքերէ քամուած արցունքները:

Ա՛յս պիտի ըլլար ճշմարիտ խորհրդանիշը հաշուեփակին, անվրէպ մարգարէութիւնը գալիքին:

Բայց խարդախ վաճառականի հաշուետետրին վերածուած մեր օրերը` ելումուտի մայր տոմարէն դուրս կը հանենք անիրակա՛ն, անգոյ այս ծառը: Կը նուիրենք զայն մենք մեզի, եպերելի ինքնախաբէութեամբ, եկեղեցիի սրբալոյս կամարներուն տակ աղօթող ստահակի մը պէս, որ կը պատրաստէ, մտքին մէջ, խնկաբոյր սեմէն անդին արձակելիք հայհոյանքները:

Աղօ՞թք, թէ՞ լուտանք, յաղթանակի դրօ՞շ, թէ՞ խորտակուած կայմ: Ի՞նչ կը կարծես ըլլալ, ո՛վ պզտիկ ծառ, որ հարսնացու աղջնակի մը միամիտ երջանկութեամբ կանգնած կը մնաս սրահին անկիւնը: Կ՛ապրիս այսօրդ, վաղուանդ անգիտակ:

Չե՞ս լսեր նաւում մը թա՜ւ սոյլը, դուրսէ՛ն, ծովու խորերէն: Գաղափարականի ու բարոյականի կրանիթէ ապառաժներէն գահավիժող լեռնագնաց մարդկութեան ճիչն է այդ, յուսակտուր:

Կը լսե՞ս ղօղանջող զանգերը, որոնք պղնձակուռ արծիւներու պէս խօլաթռիչ կը հառաչեն անհունն ի վեր, տիեզերքի դատարկութեան մէջ որոնելով արձագանգը հոգեխռով իրենց կանչին: Պիտի լռեն քիչ ետք, կախեն վերստին իրենց գլուխները, տարի մը յետոյ, անգամ մըն ալ թափահարելու համար իրենց փետրաթափ թեւերը:

Սլաքը կը մխուի ժամերու սրտին:

Արեւ ըլլայ թէ անձրեւ` վաղն առաւօտ մարդիկ կ՛արթննան գինովի նինջէն, դառնահամ բերնով, կոտրտած անդամներով: Քաղաքը կը յօրանջէ հաշիշ ու ալքոլ:

Դուն ապրեցար գիշերուան մը հարսնետօնդ, եւ ես առաջուան պարմանը չեմ ալ: Չ՛արժեր գիշերուան հսկումը ասկէ աւելի:

Ալ փակեմ դուռս ու ըլլամ նաւորդը անէութեան խորհուրդին:

Մնացիր, այս գիշեր ալ, հիւրը երդիքիս:

Չզգալու համար լքումիդ ցրտահար տխրութիւնը` տե՛ս, մօտիկդ կը ձգեմ բոցավառ ճրագիս առկայծող լոյսը, երազամոյն մանկութեանս հետ խորհուրդիդ ծնրադիր:

1963

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1963)

Յաջորդը

Դեկտեմբերի Վերջին Գիշերը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։