
Շրջանային թէ տեղական քաղաքական ու յատկապէս ապահովական իրադարձութեանց լոյսին տակ, հետզհետէ կը շեշտուին երկրին մէջ սահմանադրական դատարկութեան ստեղծման գծով մտավախութիւնները: Փաստօրէն, կառավարութեան ամիսներէ ի վեր կազմալոյծ վիճակը անհրաժեշտ կը դարձնէ նոր կառավարութեան կազմութեան հրամայականը: Նմանապէս, երկիրը կը գտնուի յառաջիկայ մայիսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան ժամկէտի սեմին, որուն գծով արդէն իսկ շրջան կ՛ընեն այժմու նախագահի պաշտօնավարութեան երկարաձգման թէ ընտրութեան հոլովոյթի ձախողեցման գծով տեղեկութիւններ:
Այս բոլորը, յատկապէս սահմանադրական ժամկէտները յարգելու նախանձախնդրութիւնը երկրի վարիչները մղեց ա՛յս ուղղութեամբ լարելու իրենց քայլերը թէ կեցուածքները: Ահա այս դիտանկիւնէն պէտք է դիտել Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նորագոյն յայտարարութիւնը, թէ երկիրը սահմանադրական դատարկութեան մղելը կարմիր գիծ է եւ թէ բացարձակապէս մերժելի է «կատարուած իրողութեան» կառավարութեան կազմութիւնը: Նմանապէս, նոյն դիտանկիւնէն պէտք է մօտենալ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի (քուլիսներու ետին) ցուցաբերած այն վճռական կեցուածքին, թէ ոչ մէկ ձեւով առիթ պիտի տայ սահմանադրական դատարկութեան եւ թէ` Պաապտայի պալատէն տուն պիտի չմեկնի առանց կառավարութիւն կազմելու: Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի սահմանադրական դատարկութենէ խուսափելու նախանձախնդրութեամբ, ձեռնարկած է քուլիսային սերտ խորհրդակցութիւններու` կառավարութեան կազմութեան ճիգերու վերաշխուժացման գծով «քոթաներու» 99-6 համեմատութեամբ: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Պըրրի այս գծով արդէն իսկ ստացած է նախագահ Սլէյմանի եւ նախկին նախարար Ուալիտ Ժոմպլաթի հաւանութիւնը:
Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ դարձեալ այն այցելութիւնը, զոր հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի տուաւ երէկ կէսօրէ ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի. խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց երկիրը սահմանադրական դատարկութեան մէջ մղելէ խուսափելու անհրաժեշտութիւնը: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած գլուխ-գլխի խօսակցութեան աւարտին, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Միքաթի շեշտեց կառավարութեան վերաշխուժացման անհրաժեշտութիւնը, եւ ասիկա ոչ թէ կարգ մը կողմերու մարտահրաւէր կարդալու համար, այլ` լուծելու համար երկրի ու քաղաքացիներու առօրեային առնչուող հրատապ հարցերը: Միքաթի նշեց, որ Պըրրիի հետ իր խօսակցութիւնները ընթացած են համախոհական մթնոլորտի մէջ: Ան մաղթեց, որ կառավարութեան արտակարգ նիստ պահանջող հրատապ կացութեան չմատնուի երկիրը:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի նշեց, թէ այնքան ատեն, որ նոր կառավարութիւն չէ կազմուած, հրաժարեալ կառավարութիւնը կը շարունակէ գործել իբրեւ լիիրաւ կառավարութիւն: Հիւսէյնի «սահմանադրական սխալ» որակեց կառավարական նիստ չգումարելը կամ զայն առկախելը: «Նախագահական աթոռի թափուր մնալու պարագային, հրաժարեալ (Միքաթիի) կառավարութիւնը կը ստանձնէ երկրին իշխանութեան ղեկը», աւելցուց Հիւսէյնի` նշելով, որ միայն նոր (Սալամի գլխաւորութեամբ) կառավարութեան կազմութենէն ետք պաշտօնապէս հրաժարած կ՛ըլլայ Միքաթիի կառավարութիւնը, քանի որ այդ մասին յատուկ հրամանագիր կ՛ընդգրկէ նորակազմ կառավարութեան յայտարարութիւնը:


