Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Դիմադրութեան զօրակցութեան խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը: Տօնական օրերու շնորհաւորական այս այցելութեան ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ընդհանուր իրավիճակը` վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն երէկ ընդունեց նաեւ Մշակութային լիկայի պատուիրակութիւնը:


