Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1963)

December 17, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոմսեր

Ֆիտել Քասթրոյի
«Ընկեր Փանջունին»

Ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ հրատարակութեան յանձնուեցան տարաբախտ նախագահ Քենետիի ահաբեկիչ վատանուն Լի Օզուըլտի քանի մը նամակները, որոնք այնքան կը յիշեցնեն Երուանդ Օտեանի հռչակաւոր տիպարը` ընկեր Փանջունին:

Այդ նամակներուն մէջ հաստատելի քանի մը յայտարարութիւններ եւ ինքնախոստովանութիւններ կը բացատրեն, արդարեւ, «մարդը» եւ իր գործը:

Նամակները ուղղուած են Նիւ Եորքի մէջ յօգուտ քասթրոյական Քուպայի գործող կազմակերպութեան մը: Եւ ահաւասիկ թէ ի՛նչ կ՛ըսեն.

– «Անգործ էի. վիզէս յայտարարութիւն մը կախելով` փողոցներու մէջ թռուցիկներ ցրուելու սկսայ: Վիզէս կախ այդ յայտարարութիւնը, զոր ես պատրաստած էի, կ՛ըսէր` «Ձեր ձեռքերը հեռո՛ւ պահեցէք Քուպայէն: Կեցցէ՛ Ֆիտելը», Այս առթիւ ոմանք հայհոյեցին ինծի, ուրիշներ ողջունեցին: Թռուցիկներս 15 հատ էին եւ բոլորն ալ սպառեցան:

«Պիտի խնդրէի, որ 40 կամ 50 հատ եւս ղրկէիք»:

«Կը մտածեմ գրասենեակ մը բանալ Քուպայի ի նպաստ աշխատելու նպատակով: Այստեղ մինչեւ 30 տոլարով կարելի է գրասենեակ մը բանալ: Եթէ մի քիչ փող ըլլար…

Ահաւասիկ նաեւ ուրիշ նամակ մը` նո՛յն տպագրութեամբ.

… «Հակառակ ձեր թելադրութեան` գրասենեակը բացի: Իմ գործելու նոր եղանակիս մէջ մեծ տարբերութիւն մը կը տեսնէք անշուշտ, որովհետեւ անդամատուրքեր հաստատած եմ… Տարեկան 12 տոլար պիտի գանձեմ իւրաքանչիւր անդամէ, այստեղի մասնաճիւղին համար: Հինգ տոլարը պիտի փոխանցեմ ձեզի: Մարդիկ չեն ուզեր տարին հինգ տոլար վճարել ուղղակի ձեզի, սակայն դիւրութեամբ ամիսը 1 տոլար կու տան ինծի»…

Կարդացէ՛ք նաեւ մնացեալը.

-… «Գրասենեակս հազիւ բացած` երեք օր յետոյ փակուեցաւ: Շէնքին տէրերը նորոգութեան պատրուակով առարկութիւններ ըրին: Կը կարծեմ, որ կը հասկնաք»:

… «Ցոյց մը կազմակերպեցի, սակայն քուպացի տարագիր «մակաբոյծները վրաս յարձակեցան: Ոստիկանութենէն պաշտօնապէս յանդիմանուեցանք: Այս դէպքը զիս ղրկեց ամէն քաջալերութենէ եւ առանձին թողուց դէպքերուն դէմ յանդիման:

«Այսուհանդերձ, հազարաւոր թռուցիկներ ցրուեցի:

… «Հաճոյքով կը շարունակեմ թռուցիկներ ցրուելու աշխատանքը, սակայն քուպացի «մակաբոյծները» դարձեալ վրաս յարձակեցան: Տասը տոլար տուգանքի դատապարտուեցայ:

«Ուրախ եմ, որ կացութիւնը օրէ օր տագնապալի բնոյթ կը ստանայ եւ տեղական ձայնասփիւռն ու պատկերասփիւռը կը հետաքրքրուին իմ աշխատանքներովս:

«Դարձեալ ցոյց մը կազմակերպեցի երեք հոգիի մասնակցութեամբ… Կը յուսամ, որ երջանիկ էք, Նիւ Օրլէանի մէջ զարգացող կացութեան համար:

«Ընկեր Փանջունի՜ն» է, որ, ամերիկեան հողի վրայ բուսած, կը շարունակէ ցնորական իր առաքելութիւնը:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Հայկազեան Քոլեճի Եւ Աստուածաբանական
Ճեմարանին Թատերական Ձեռնարկը

Հայկազեան քոլեճի եւ Մերձ. Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանի գործակցութեամբ, մասնակցութեամբ սոյն կրթական հաստատութեանց ուսանողներուն, անգլերէնով բեմադրուցեաւ Մաքսուէլ Էնտրսընի «Աստղերու մէջ կորսուած» տրամ, «Մեմորեըլ հոլ»-ի մէջ, կիրակի, 8 դեկտեբեր 1963, երեկոյեան ժամը 7:30:ին: Նախորդ կիրակի նոյն թատերախաղը, նոյն ժամուն ներկայացուած էր Պէյրութի Աղջկանց քոլեճի սրահին մէջ: Տեղացի եւ օտար ընտրանի հանդիսականներ լեցուցած էին սրահը: Գլխաւոր դերակատարները գրեթէ ամբողջութեամբ հայեր էին:

Արթօ Աւագեան թատերախաղին կեդրոնական տիպարը` վեր. Սթէֆըն Փիւմալոն հարազատօրէն մարմնաւորեց դերին պահանջած բոլոր նրբերանգները:

Իրենց մարմնաւորած կարեւոր դերերով թատերախաղի յաջող բեմադրութեան նպաստեցին նաեւ Ճեսի Խաչատուրեան` վեր. Փիւմալոյի կնոջ` Կրէյսի դերով, Ատոմ Ֆերմանեան (Ճէյմս Ճերվիս), Նապիլ Շաֆու (Ճոն Փիւմալօ), Ռոզմերի Ճրճիեան (Իրինա), Արտեշիր Շահրեսթանի (Մաթիւու Փիւմալօ), Մունիր Խուրի (Ապսոլոմ Փիւմալօ) եւ Պարգեւ Աբարթեան (դատաւոր):

Գնահատելի էին դիմայարդարումը, լուսաւորումը եւ տարազներու ընտրութիւնը:

Արդիական բեմայարդարումը, քանի մը առարկաներով միջավայր մը ստեղծելու, յարմար է այս տիպի ներկայացումներու պարագային, այլապէս հնարաւոր չէր այսքան կարճ տեսարաններու համար դասականացած իրապաշտօրէն կահաւորուած տեսարաններ ունենալ, իսկ հանդիսականները «տիալոկ»-էն տարուած` կարիքն ալ չզգացին իրապաշտ բեմայարդարանքի:

Ուշագրաւ թերութիւն մըն էր դաշունահարողին ձեռքը դաշոյն չունենալը (կարելի էր արհեստականը ճարել), չկրակող ու չպայթող, այսինքն ձայն չհանող ատրճանակով մարդասպանութիւնը նոյնպէս անբնական է:

Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Բոլոր Ժողովուրդներու Մանտելան

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.