Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բոլոր Ժողովուրդներու Մանտելան

December 17, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

nelson-mandela_SMՀարաւային Ափրիկէի ժողովուրդին հետ ամբողջ աշխարհը վերջին հրաժեշտ տուաւ Նելսըն Մանտելայի, որ իր անունը արձանագրեց 20-րդ եւ 21-րդ դարերու պատմութեան մէջ` ստորագրելով փայլուն եւ անաղարտ էջեր:

95 տարեկան Մանտելա աչքերը փակեց ա՛լ չբանալու համար, սակայն ոչ մէկ կասկած, որ մարդկութեան կեանքին ու պատմութեան վրայ կնիք դնող շատերու պէս, ան պիտի անցնի անմահներու շարքին, պիտի յիշուի ոչ միայն իր ժողովուրդին` հարաւափրիկեցիներուն, այլ նաեւ ամբողջ մարդկութեան կողմէ, բոլո՛ր անոնց, որոնց համար ազատութիւն, արդարութիւն, անխտրականութիւն, ղեկավարութիւն (ոչ թէ տիրելու տրամաբանութեամբ իշխանութիւն) եւ նման արժէքներ անսակարկելի ու անյեղլի չափանիշներ են:

Մանտելա պիտի յիշուի իր բազմաթիւ իրագործումներուն համար. պիտի յիշուի, որ ինք արդարութեան ու մարդոց միջեւ հաւասարութեան ախոյեան մըն էր, մեծ յեղափոխական մը` բառին ամէնէն վեհ ու ազնիւ իմաստով. պիտի յիշուի, որ ինք ոչ միայն յեղաշրջեց Հարաւային Ափրիկէի վարչական եւ ընկերային դրուածքը` կեանքէն 27 տարիներ վճարելով բանտային կալանքի, այլ գաղափարակիցներու հետ 60-ական տարիներուն  շղթայազերծած պայքարը հասցուց արդար յաղթանակի, ջնջեց խտրականութիւնը, եղաւ հաւասարներու Հարաւային Ափրիկէի առաջին սեւամորթ նախագահը, խորհրդանիշի վերածուեցաւ ամէն գոյնի մարդոց համար:

Մանտելա ռահվիրայ մը, պաշտամունքի արժանի տիպար ու խորհրդանիշ դարձաւ ո՛չ միայն իր ժողովուրդին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան համար, Ափրիկէէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը: Անարդարօրէն ահաբեկիչ ծանուցուած Մանտելա իր խաղաղասիրական աննահանջ պայքարով նուաճեց Նոպէլեան խաղաղութեա՛ն մրցանակը (հազուադէպ մրցանակաւորներէն, որոնք յետին հաշիւներով եւ անարդարօրէն չհասան այս մրցանակին): Արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ հաւասարութեան այս դրօշակիրը դարձաւ այս արժէքները մարմնաւորող պետական ղեկավար, չարձանագրեց բազմաթիւ ճակատագրակիցներու սայթաքումները, նախագահական աթոռը չիւրացուց ցկեանս, այլ ճամբայ հարթեց իր հայրենիքին նոր սերունդի ղեկավարութեան: Մինչդեռ, օրինակի համար, դրացի Զիմպապուէի մէջ նոյն բնոյթի պայքարի հնոցէն անցած իշխանաւորներ չդիմացան բարձրագոյն աթոռներու եւ զիրենք «դուրսէն» դարպասողներու հրապոյրներուն , դարձան բռնատէր, մաքրագործեցին իրենց երէկի զինակիցները, ինկան կաշառակերութեան թակարդին մէջ ու փտածութիւն տարածելով` ընկերային պատուհաս դարձան իրենց երկրին ու ժողովուրդին համար (տարբերակներուն կը հանդիպինք քիչ մը ամէն տեղ):

Մանտելա մուտք կը գործէ պանթէոնը այն հազուադէպ մեծերուն, որոնք կը կոչուէին` Ֆրիտճոֆ Նանսեն, Կանտի, Մարթին Լութըր Քինկ, Մայր Թերեզա եւ Տեզմընտ Թութու: Խաղաղութեան ու իրաւունքի համար գործած այս անձնաւորութիւնները չեն պատկանիր միայն իրենց երկիրներուն ու զիրենք ծնած ժողովուրդներուն, այլ խորհրդանիշներ են ամբողջ մարդկութեան համար, այդպէս ալ պիտի մնան ընդմիշտ:

Արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ իւրաքանչիւր պայքարող ու արդարութիւն տենչացող ժողովուրդ ունեցած է ի՛ր Մանտելաները: Իսկ վայրագութեան ալիքներու մէջ տանջուող աշխարհը այսօր եւ մի՛շտ կարիքը պիտի ունենայ Մանտելաներու:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1963)

Յաջորդը

Նելսըն Մանտելայի Մահով Մարդկութիւնը Կորսնցուց Հոգեկան Արժէքներու Հսկայ Մը Եւս

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.