Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

June 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՅՍՕՐ աշխատանքի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարներ Շարպել Նահհաս եւ Նիքոլա Սահնաուի Սիուֆիի զբօսայգիին մէջ պիտի յայտարարեն համացանցի ձրի ծառայութեան դրութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ գործադրելու օրէնքը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի դէմ նիւթուող դաւադրութիւնները կանխարգիլել:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ իրենք ոչ ոքի դէմ են` աւելցնելով, որ իրենց նպատակն է կառավարութեան մէջ միասնականութեամբ գործել:

«ՍԱՈՒԹ ԼՈՒՊՆԱՆ» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, նախանցեալ երեկոյեան Ժապալ Մըհսենի մէջ նետուած է երկու ձեռնառումբ, որոնք պատճառած են երկու վիրաւոր:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ինք նեցուկ պիտի կանգնի Իսրայէլի սամանամերձ շրջաններու բնակիչներուն եւ պիտի փորձէ նուազեցնել անոնց հոգերը:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` առ ի յիշեցում վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, թէ իրենք ընդդիմութեան վերածուած են Լիբանանի տարածքին ապօրինի զէնքերու գոյութեան պատճառով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իրենք կրցած են վերադարձնել քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ պիտի գործադրուին բարեկարգումներ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը շարունակեն Լիբանանի մէջ իրենց սկսած յեղաշրջումը, եւ ընդգծեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ յանձնառութեան կարեւորութիւնը:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը թաղային կռիւներու կը դիմեն` վար առնելու համար Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը: Նոյն օրաթերթը նկատել տուաւ, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ուրբաթ երեկոյեան բռնկած բախումները յստակ պատասխաններ էին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կազմած կառավարութեան եւ անոր մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին դէմ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունէր կառավարութեան մը` աւելցնելով, որ պէտք է զգուշանալ Լիբանանի եւ Սուրիոյ ապահովութեան, որովհետեւ անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի յայտնեց, որ ինք սուրիական իշխանութիւններուն հետ կը շարունակէ քննարկել արգելափակուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Նիրաժ Սինկ շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժեր ՖԻՆԻՒԼ-ը տեղեակ պահած են, որ 19-26 յունիսին սովորական ռազմափորձեր պիտի կատարեն:

 

 

Նախորդը

ՃԱՆԱՉՈՒՄ-ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ԶՈՒԳԱՀԵՌԸ

Յաջորդը

ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵՆԷՆ ԵՐԿՈՒ ՕՐ ԵՏՔ ԼԻԲԱՆԱՆի ԴԷՄ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԵԿԱԾ ԵՆ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.