Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՃԱՆԱՉՈՒՄ-ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ԶՈՒԳԱՀԵՌԸ

June 20, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ նահանգներու քոնկրեսին զոյգ բանաձեւերու նախագիծերու ներկայացումը իր ձեւին եւ էութեան մէջ մտածել կու տայ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ ռազմավարական մօտեցումի նոր քայլի դրսեւորման մասին:

Այսպէս. Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւի նախագիծին առընթեր առաջադրուած Թուրքիոյ մէջ դաւանանքի ազատութիւն պահանջող բանաձեւը կը խօսի թրքական պետութեան կողմէ տեղւոյն քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու լիակատար ճանաչումին մասին եւ շեշտը կը դնէ իրենց կրօնը ազատօրէն դաւանելու անհրաժեշտութեան վրայ: Այստեղ չ՛աւարտիր բանաձեւի բնագիրը: Անիկա կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութեան վերադարձնելու հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն, պոնտացի յոյներուն եւ քրիստոնեայ այլ համայնքներուն բռնագրաւեալ եկեղեցիները:

Ի տարբերութիւն առաջին բանաձեւի նախագիծին, ուր պահանջը կրնայ բացառապէս հայկական կեդրոնէ բխիլ, այստեղ արդէն այլ փոքրամասնական ժողովուրդներուն առընթեր կայ հասարակաց շահագրգռուածութեան հիմնական այլ բաժին: Փաստաթուղթը համահունչ է վերջին քանի մը տասնամեակին Միացեալ նահանգներու ծերակոյտին մէջ որդեգրուած բանաձեւերուն, որոնք պաշտպանած են դաւանանքի ազատութիւնը, սրբավայրերն ու աղօթատեղիները: Անիկա նաեւ համահունչ է 1998-ին որդեգրուած Կրօնի միջազգային ուխտին, ինչպէս նաեւ` մարդկային իրաւանց համընդհանուր հռչակագիրին:

Ամերիկայի Հայ դատի  յանձնախումբին կողմէ առնչակից կողմերու ներգրաւման փորձով եւ քոնկրեսի որդեգրած նախորդ բանաձեւերուն կամ միջազգային համաձայնութիւններուն վրայ յենելով Հայ դատի գրասենեակը մարտավարական նկատառելի քայլերու կը դիմէ առաւելներ ձեռք ձգելու համար: Ինչ որ արդիւնաւէտ աշխատանքի նախադրեալներ կը պարունակէ անշուշտ:

Ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող հարցը այս պարագային ասոնցմէ անդին է: Երկրորդ բանաձեւի մէկ բաժինը եկեղեցիներու վերադարձի պահանջն է իր իրաւատէրերուն: Հատուցման ազգային պահանջատիրութեան թղթածրարին մէկ բաժինը: Հայ դատի ռազմավարութեան մէջ ճանաչում-հատուցում զուգահեռով առաջնորդուելու երթին առնուած կարեւորագոյն քայլ է, որ կ՛առնէ Ամերիկայի Հայ դատի  յանձնախումբը:

Նախագահ Օպամայի 24 ապրիլին վերայայտարարած «Մեծ եղեռն»ը առիթ տուաւ մէկէ աւելի հրապարակային պահանջներու` ռազմավարական հիմնական փոփոխութիւններ մտցնելու Հայ դատի մեր աշխատանքներուն մէջ: Ճանաչումի բանաձեւը  փաստօրէն, հակառակ զօրավիգներու ապրած աճին եւ քոնկրեսի օրուան նախագահին կողմնորոշման` չէր դրուեր օրակարգի: Պարզ էր, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը իրականանալու եզրին պիտի մօտենար, երբ թուրք-ամերիկեան շահերու բախումնային իրավիճակ ստեղծուէր: Այլապէս, օրակարգը պիտի ձգձգուէր եւ դէպքերը պիտի շարունակուէին բնութագրուիլ  իբրեւ «Մեծ եղեռն»:

Այժմ ճանաչումին առընթեր կ՛առաջադրուի հատուցումի թղթածրարին մէկ կարեւոր բաժինը: Զուգահեռաբար, համակարգուած, համատեղ: Այս արդէն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին աշխատանքի արդիւնաւէտութեան համար նոր տուեալներ կը հաղորդէ:

Նախորդը

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՐԸ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ Է Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.