
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Թրիփոլիի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Չէ Կեւարայի դուստրը` Ալիտա Կեւարան:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի անդրադարձաւ այսպէս կոչուած «Արաբական գարնան»` շեշտելով, որ դժբախտաբար այդ «գարուն»-ը ոչ մէկ կապ ունի գարնան հետ:
«Մենք յոյսով էինք, որ փոփոխութիւններ պիտի արձանագրուին, սակայն ի յայտ եկաւ, որ մենք միջին դարու ժամանակաշրջան փոխադրուած ենք», ըսաւ Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ Չէ Կեւարայի եւ Քասթրոյի օրերուն մեզի կը միացնէր պաղեստինեան հարցը, իսկ այս օրերուս մենք զբաղած ենք ոչ թէ պաղեստինեան դատով, այլ` համայնքային եւ յարանուանական հարցերով: «Մենք ներկայիս սկսած ենք մենք մեզի դէմ պայքարիլ», աւելցուց Պըրրի:
Հանդիպումին աւարտին Պըրրի Ալիտա Կեւարայի յանձնեց յուշանուէր մը:


