
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուքը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Թալալ Մաքտիսիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կայանին զարգացման վերաբերող ծրագիրներ:
Հանդիպումէն ետք Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ Միքաթի յայտնած է, թէ ինք կը բաժնէ ժամերով փողոցը մնացած եւ իրենց բնակարանները ողողած ջուրերուն վնասները կրած քաղաքացիներուն ցաւը:
Տաուք յայտնեց, որ Միքաթի երէկ պարզուած պատկերին լոյսին տակ անմիջական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է պատասխանատուներուն եւ կապալառուներուն հետ` լուծելու համար գոյութիւն ունեցող հարցերը եւ կանխարգիլելու համար հետագային Լիբանանը հարուածելիք ձիւնամրրիկներուն հետեւանքները:
Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ, որմէ իմացաւ Թրիփոլիի մէջ արձակազէնի մը փամփուշտին թիրախ դարձած պատանիներուն գծով անոր որդեգրած դատական քայլերուն մանրամասնութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Սուրիական բանտերուն մէջ արգելափակեալներու միութեան նախագահ Ալի Ապու Տհըն,
որ հրաժարեալ վարչապետին հետ քննարկեց միութեան աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի լուրեր, թէ Միքաթի լրջօրէն կը մտածէ կառավարութեան նիստերուն գումարումը վերսկսելու մասին:


