Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտէն Սկսած Կեանք. «Վարդանին Անցեալը…»

December 5, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

IMG_4636«Ես տակաւին կ՛ապրիմ իմ անցեալիս հետ: Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ այսօր տխուր եմ»:

Հետաքրքրական է մարդ անհատին կեանքը: Ունի սկիզբ, բայց նաեւ` վերջ: Բայց այս երկու միաւորները զիրար կամրջողը ապրուած իրականութիւնն է, որ եթէ մէկ կողմէ կը լեցնէ, բայց նաեւ կ՛արժեւորէ եւ իմաստ կու տայ իւրաքանչիւրին` ինքն իր պարունակին մէջ: Իւրաքանչիւրը կը լեցնէ իր պարունակը` իր տեսադաշտէն, բայց նաեւ փորձառութենէն ու տիրող տրամադրուածութենէն…: Այս ընթացքին անպայմանօրէն կը փորձուիս դառնալ ետեւ եւ անցեալին նայիլ…: Մերթ անձկութեամբ, թերեւս նաեւ ցաւով եւ վիշտով, բայց կը բերես այդ բոլորը դարձեալ այսօրուան` փորձելով զայն տանիլ վաղուան, ապագային:

Վարդան Թաշճեանին համար այս անցեալի պարունակը «լեցուն» է…:

Այսօր Վարդան խօսիլ կու տայ իր մասին` որպէս կիպրահայ վաստակ շահած

գեղանկարիչի, եւ որուն գեղարուեստական աշխատանքները անցած էին աշխարհագրական սահմաններն ու ցամաքամասեր եւ տարածուած քիչ մը ամէն տեղ…: Բայց եւ այնպէս Վարդան նաեւ եղած է մանկավարժ եւ դաստիարակ, երկար տարիներով նուիրուած ուսուցչական ու տնօրէնութեան պաշտօնին եւ առաքելութեան` Լիբանանէն սկսած, բայց մասնաւորապէս Կիպրոսի Մելգոնեան  եւ Նարեկ ազգային վարժարաններուն մէջ:

Վարդան Թաշճեան կը սիրէ բանալ անցեալի պարունակը, քանի որ կը հաւատայ, թէ կ՛ապրի «իր անցեալին հետ», բայց երբեք ներկան տխրեցնելով…»:

Իսկ Վարդանին անցեալը կը սկսի Պուրճ Համուտէն…:

Ծնած է Նոր Մարաշի հայաբնակ թաղամասը: Ընտանեկան պայմանները` համեստ, բարեկեցիկ եւ երեւի նիւթական «քաշքշուող» իրավիճակներով…: Բայց ինչպէ՞ս պատկերացնել աւելի տարբերը, երբ հայրը` Դաւիթ, պատկանած է «Մանկութիւն չունեցող» երեխաներու փաղանգին եւ Անդրանիկ Ծառուկեանին հետ ապրած է Հալէպի որբանոցային կեանքը` ինքն ալ ըմպելով հայ պատանիին «ուրախ-տխուր» օրերու բաժակէն…: Բայց կայ նաեւ աւելին…: Դաւիթ անցած է մէկ որբանոցէն միւսը` Հալէպ, Պէյրութ եւ Երուսաղէմ, մինչեւ որ գտած է իր հարազատ ծնողքը եւ միացած անոնց` վերակազմելու հայկական տոհմիկ երդիքը Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշի թաղամասին մէջ…:

Վարդան ծնած ու ապրած է այդ երդիքին տակ…: Հայր, մայր, մեծ ծնողք եւ տակաւին երեք եղբայր եւ քոյր…: Ութ հոգի` բոլորը մէկ յարկի տակ…: Թէեւ անցուկ եղած են նիւթական պայմանները, բայց տունը եղած է ջերմ` սիրոյ եւ ուրախութեան մթնոլորտով ողողուն: Ասիկա հայկական «իրական» կեանքն է, զոր ապրած է հայը Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, հայը սորված է երջանկութեան եւ սիրոյ կեանքը կերտել «մահուան շուքի ցորի» փորձառութենէն ետք…

Վարդան նախակրթութիւնը ստացած է Քառասուն Մանուկ վարժարանին մէջ: Այստեղէն սկսած է մէկ-մէկ կազմուիլ «անցեալէն» դէպի «ներկայ» շաղկապուող իր կեանքը: Վարդանի համար Պուրճ Համուտի իւրաքանչիւր օր, անկիւն եւ թաղամաս մէկական յիշատակ են…: «Սինեմա Արաքս»-ը իր օրերուն հայ պատանիին ժամանցի լաւագոյն վայրն էր, բայց նաեւ նոյն այդ բեմահարթակին վրայ Վարդան սկսաւ թատերական կեանքի իր առաջին փորձերուն` հետագային իր մէջ աւելի զարգացնելու համար նաեւ մշակութային այդ մարզը…: Պուրճ Համուտի մեծ ու պզտիկ բաղնիքները…: Հայկական սովորութիւններու համաձայն, շաբաթական դրութեամբ բաղնիք երթալու եւ լոգնալու կենցաղը…: Վարդան կը զգար, թէ այդ կանաչ քարի ուժգնութեամբ մեծ օճառները ո՛չ միայն զինք ֆիզիքապէս պիտի մաքրէին, այլ նաեւ պատրաստէին զինք հոգեպէս` վաղուան կեանքին…:

«Պէյրութ գետը` Նահրի երկայնքին, մեր չարաճճիութեան տեղն էր», կ՛ըսէ Վարդան: «Գորտ կը բռնէինք գետին մէջէն», կը շարունակէ եւ կը յիշէ նաեւ, թէ ինչքան համեղ կ՛ըլլայ այդ գորտին միսը:

Վարդան կ՛ապրէր նաեւ Պուրճ  Համուտի այդ օրերու «հերոսներուն հետ», որոնք իրենց մասին խօսեցնել կու տային: «Պոքսէր Արամ»-ը եւ «Էսքեր Միսաք»-ը, տակաւին ուրիշներ, որոնցմէ` «եթէ քիչ մը կը վախնայինք», կ՛ըսէ Վարդան, «բայց նաեւ կը խօսէինք անոնց սխրագործութիւններուն մասին: Մեր պատանեկան երեւակայութեան մէջ անոնք անհասանելի մարդիկ էին»:

SCANS-V.TՎարդան այսօր` նստած պաստառին ետին, կը գծագրէ…: Կը գծէ ընդհանրապէս բնութիւնը եւ այդ բնութեան ընդմէջէն կը փորձէ դուրս հանել սէրը եւ երջանկութիւնը: «Ես կը գծեմ այն, որ կը զգամ, եւ ոչ թէ կը տեսնեմ»: Վարդան այսօր կը զգայ սէրը եւ երջանկութիւնը, քանի որ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերուն լեցուց այս արժէքները իր կեանքի պարունակին մէջ եւ շալկեց տարիներ շարունակ` հասնելով ներկայ օրերուն: Բայց իր շալկած սէրը եւ երջանկութիւնը չպահեց իր անձին ու եսին համար, այլ կեանքի իր ճանապարհորդութեան ընթացքին բաժնեկցեցաւ այդ բոլորը իր ընտանիքին, ազգին ու շրջապատին հետ: Եթէ մէկ կողմէ բաժնեկցեցաւ իր գեղանկարչական ու ստեղծագործական աշխատանքներուն մէջէն, բայց նաեւ` իր կրթական ասպարէզին միջոցով ու ընկերային լայն շրջանակի ճամբով: Վարդան իր արուեստին միջոցով նաեւ բաժնեկցեցաւ իր հոգին` «բարեկամութեան» եւ «հաղորդականութեան» մարդկային արժանիքներով: Այս արժէքները ան նկատեց որպէս գլխաւոր գրաւական մարդկային կեանքի յառաջխաղացքին: Վարդան բնութեան մէջէն ուզեց դուրս բերել ստեղծագործական եւ արդիւնաւէտութեան հաւատալու եւ հասնելու մարդուն իտէալը: Ահա թէ ինչո՛ւ Վարդան յաճախ գծեց ծառը եւ ծառաստանը, քանի որ անոր մէջ տեսաւ պտուղը, տերեւը, շուքը, փայտը եւ այն բոլորը, որ արդիւնք կու տայ եւ կը նպաստէ հաւաքական կեանքին…: Կ՛արժէ, որ մարդը հաւատայ` ինչպէս ինք կ՛ըսէ. «Դրական կեցուածքին եւ հոգիին»: Որովհետեւ դրական հոգին է, որ արդիւք կու տայ…:

Վարդան Թաշճեան այսօր հպարտ կիպրահայ եւ կիպրացի քաղաքացի է, որ կը սիրէ ու կառչած է այս երկրին: Իր կեանքը եւ աշխատանքը կ՛ուզէ ի սպաս դնել մէկ կողմէ հայ ժողովուրդին, բայց նաեւ Կիպրոսին: Բայց Վարդան կը նայի նաեւ ետեւ` անցեալի իր կեանքին, Պուրճ Համուտին եւ անոր թաղամասերուն, ուր լեցուց իր կեանքի պարունակը սիրով ու երջանկութեամբ, եւ որուն համար երախտապարտ է եւ ուրախ:

Իւրաքանչիւր Պէյրութէն վերադարձիս` Վարդան կ՛ուզէ լսել ինձմէ Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մասին: «Խապրիկ» մը ստանալու ցանկութեամբ` կ՛ուզէ գիտնալ, թէ ի՞նչ կը պատահի իր «մանկութեան օրերու Պուրճ Համուտին մէջ»:

«Վարդանի անցեալը» իւրաքանչիւր հայուն անցեալը չէ՞ արդեօք…: Հիւղաւաններէն եւ որբանոցներէն կերտուած կեանքեր, որոնց ընթացքին համեստ պայմաններու եւ երդիքներու տակ կոփուեցան սիրոյ եւ երջանկութեան հոգիներ…: Բայց չէ՞ որ այս հոգիները  ապրեցուցին եւ վերապրեցուցին հայը…: Եւ Վարդան Թաշճեան որոշեց իր կեանքի պարունակը լեցնել նոյն այդ սիրոյ եւ երջանկութեան հոգիով, որուն միջոցով իր կեանքը դարձաւ արդիւնաւէտ:

Երեքշաբթի, 12 նոյեմբերին Նիկոսիոյ թատերական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդան Թաշճեանի քառասուն տարիներու նկարչական-ստեղծագործական աշխատանքին նուիրուած յարգանքի երեկոյ, նաեւ` իր գեղանկարչական պաստառներու ցուցահանդէս: Վարդան իրեն յատուկ սրամտութեամբ եւ կատակով ինք իր նկարներուն նայելով եւ ցոյց տալով` կ՛ըսէ. «Ա՛յս նկարներուն ետեւը կեցողը Պուրճ Համուտի տղան է…»:

«Վարդանի անցեալը» թէեւ սկսաւ Պուրճ Համուտէն, բայց հոն չմնաց: Անցաւ սահմաններէ, ստեղծագործեց եւ արտադրեց…: Իսկ այսօր ետեւ նայելով` միշտ երախտապարտ եւ ուրախ կը շարունակէ իր կեանքը եւ ինչպէս որ ինք կը հաւատայ` «Կեանքը պարապ պաստառ մըն է, լեցնելով զայն` կը լեցնես կեանքդ»:

Վստահաբար արժէ կեանքը լեցնել սիրով եւ հաղորդականութեամբ, քանի որ այս արժանիքներն են, որ արդիւնք կու տան…: Հայը պէտք է շարունակէ հաւատալ արդիւնաւէտ կեանքին հասնելու տեսլականին:

«Վարդանին անցեալը» անպայմանօէն իւրաքանչիւր հայունն է: Այս «անցեալ»-ի ուժով` հայը կ՛ապրի այսօրը եւ կը նայի վաղուան:

 

 

Նախորդը

Նաքքաշի Շրջանը Օժտուեցաւ Իր Վերանորոգուած «Հրայր Մարուխեան» Կեդրոնով

Յաջորդը

Ի՞նչ Է Դաշնակցութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.