
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14-րդ դատարանին մէջ: Տինքի սպանութեան գործով մեղադրեալ Էրհան Թունջել իր ձերբակալութենէն ետք առաջին նիստի ընթացքին ամբողջ մեղքը բարդած է ոստիկաններ Ռամազան Աքեիւրեքի, Սապրի Ուզունի եւ Ալի Ֆուաթ Եըլմազերի վրայ:
«Մեր առջեւ ոստիկաններ չկան: Ատիկա մարդասպաններու խմբաւորում է: Անոնք զիս թիւ մէկ յանցագործ դարձուցին եւ իրենք պահուըտեցան: Ես այդ մարդոց որեւէ վատութիւն չեմ ըրած», յայտարարած է Թունջել:
Ան յայտարարած է, որ ինք մինչեւ իսկ փորձած է կանխարգիլել Տինքի սպանութիւնը: «Մարդասպան Եասին Հայալին ըսի, որ ատիկա չընէ, սպանութեան մասին տեղեկացուցի ոստիկանութեան: Ես չեմ փախչած: Եթէ ես ուզէի` կրնայի փախչիլ երկրէն: Ես յանձնուելու կը պատրաստուէի», ըսած է ան:
Դատարանի շէնքին մօտ շուրջ 50 մարդ` Տինքի ընկերները, իրենց ձեռքերուն թրքերէն, հայերէն եւ քրտերէն պաստառներ բարձրացուցած էին` «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք» գրութեամբ:
«Անցած է 7 տարի, եւ ոչ մէկ պաշտօնեայ լրջօրէն, ինչպէս անհրաժեշտ է, պատժուած է: Անոնցմէ շատերը իրենց պաշտօններու բարձրացում ունեցան», յիշեցուցած են անոնք:


