Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատրաստ Ենք Սէուտցի Պաշտօնատարներուն Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու, Երբ Այդ Ուղղութեամբ Պատրաստակամութիւն Յայտնեն» Ըսաւ Զարիֆ

December 4, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զարիֆ եւ շէյխ Թամիմ
Զարիֆ եւ շէյխ Թամիմ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ յայտարարեց, որ ինք «պատրաստ է սէուտցի պաշտօնատարներուն հետ երկխօսութեան, երբ անոնք այդ ուղղութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնեն: Մենք այդ երկխօսութիւնը երկու երկիրներուն, շրջանին եւ իսլամական աշխարհի շահերէն բխող կը նկատենք»:

Ըստ իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանին, Զարիֆ աւելցուցած է, որ «Ծոցին հարաւը գտնուող մեզի դրացի երկիրները Իրանի ապահովութեան եւ զարգացման համար շատ կարեւոր են, եւ պէտք չէ արտօնենք, որ ծայրայեղականներու եւ ռազմատենչերու սուտերուն եւ ահաբեկման ծուղակը իյնան»` աւելցնելով, որ «Ծոցի մէջ ապահովութիւնն ու հանդարտութիւնը Իրանի համար միշտ առաջնահերթութիւն եղած է եւ պիտի մնայ: Այս շրջանի ապահովութիւնը մէկ է եւ զայն կարելի չէ մասնատել, իսկ ուրիշները ջնջելու կամ ուրիշներու ապահովութիւնը խանգարելու միջոցով այդ ապահովութեան տիրանալու փորձը ձախողութեան դատապարտուած է»: Ան ըսաւ, որ մրցակցութեան ձեւերը շրջանի որեւէ երկրի ապահովութիւն պիտի չբերէ:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ իբրեւ շրջանին մէջ կարողութեանց տէր երկիր, Իրան պէտք է ընթանայ վստահութեան ստեղծման եւ Ծոցի երկիրները իրեն մերձեցնելու, ինչպէս նաեւ մեր ապագան ու շրջանի երկիրներուն ապագան համապարփակ եւ շինիչ գործակցութեան մէջ դնելու ուղիով:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Քուէյթը, Օմանը եւ Քաթարը ներառած Ծոցի երկիրներ կատարած իր շրջապտոյտը նկատեց «դրական ու արժէքաւոր»: «Այդ երկիրները Իրանի հետ յարաբերութիւնները ընդլայնելու փափաք յայտնեցին», ըսաւ Զարիֆ:

 

Նախորդը

Թիֆլիս Մտադիր Է Մոսկուայի Հետ Ուղիղ Երկխօսութիւնը Շարունակել

Յաջորդը

«Անոնք Զիս Թիւ Մէկ Յանցագործ Դարձուցած Են Եւ Իրենք Պահուըտած» Ըսաւ Թունջել

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.