Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Դատապարտեց Իրանեան Դեսպանատունը Թիրախ Դարձուցած Պայթումները

November 21, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յոտնկայս յարգանք` Ժնահի պայթումներու զոհերուն յիշատակին
Յոտնկայս յարգանք` Ժնահի պայթումներու զոհերուն յիշատակին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ընթացիկ կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօր. Մոհամետ Խէյր, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատել, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Իմատ Օսման, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ նախագահ Սլէյմանի զինուորական ու վարչական խորհրդատուներ գնդապետ-զօրավար Ապտել Մաթլապ Հըննաուի եւ գնդապետ-զօրավար Սալեմ Ապու Տահեր:

Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նախանցեալ օր Պէյրութի պայթումներուն պատճառած զոհերուն յիշատակը:

Նիստէն ետք կարդացուեցաւ խորհուրդի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը դատապարտեց Լիբանանը հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնը, որ թիրախ դարձուցած էր Պէյրութի մէջ իրանեան դիւանագիտական անձնակազմը:

Խորհուրդը հաստատեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու Լիբանանի ազգային կեցուածքին հիման վրայ աշխատանքը շարունակելու վճռականութիւնը:

Ղոսըն շեշտեց, որ Լիբանան ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ ռահվիրայի դերակատարութիւն ստանձնած է եւ ձախողեցուցած բոլոր ջանքերը, որոնք կը միտին խանգարել երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ լիբանանցիներուն

միջեւ գրգռութիւն սերմանել:

Հաղորդագրութիւնը բարձր գնահատեց ահաբեկչութիւնն ու ահաբեկիչները մերժելու առումով լիբանանեան միացեալ կեցուածքը, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութիւնն ու փոխըմբռնումը պահպանելու անոնց յանձնառութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ խորհուրդը ապահովական պատասխանատուներէն իմացած է անհրաժեշտ տեղեկութիւնները եւ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները, որոնք կ՛օժանդակեն բացայայտելու պայթումներուն դրդապատճառները եւ դատական իշխանութիւններուն յանձնելու պայթումները ծրագրող ոճրագործները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը քննարկած է երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու նպատակով որդեգրուած ապահովական միջոցառումներն ու Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութիւնը:

Նշենք, որ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ Լիբանանը վտանգի ենթարկուած է` մաղթելով, որ զայն շրջափակող սեւ ամպերը կարելի եղածին չափ արագ հեռանան անկէ:

Նախորդը

Ապտելլահեան Եւ Ապատի Այցելեցին Իշխանութեան Պետերուն

Յաջորդը

Ապտելլահեան Իրանեան Դեսպանատան Մէջ Ցաւակցութիւն Ընդունեց Եւ Հաստատեց Դիմադրութեան Ուղեգիծին Իրանի Կառչածութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.