Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձնող պայթումներուն մանրամասնութիւնները եւ ցարդ այդ մասին գոյացած տեղեկութիւնները:
Ապտելլահեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի, անոր տուած խիստ ցուցմունքներուն համար` Պիր Հասանի պայթումները ծրագրած յանցագործները բացայայտելու եւ պատժելու առումով:
Իր կարգին, Ապտելլահեան նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց Իրանի հիւլէական թղթածրարին մասին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն արդիւնքները:
Այն Թինէի Մէջ
Իրանեան պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան իրանեան դեսպանատունը ահաբեկչութեան թիրախ դարձուցած պայթումները:
Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, Սուրիոյ տագնապին մանրամասնութիւնները, լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները` յատկապէս խորհրդարանական գործակցութեան առումով, ինչպէս նաեւ իրանեան հիւլէական թղթածրարին վերաբերող միջազգային խորհրդակցութիւնները:
Ապտելլահեան ցաւակցութիւն յայտնեց երեքշաբթի օրուան պայթումներուն պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: Ապտելլահեան նաեւ դատապարտեց իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած ոճրային արարքները` շեշտելով, որ Թեհրան պիտի շարունակէ զօրակցիլ եւ նեցուկ կանգնիլ Դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ շրջանին մէջ գտնուող բոլոր երկիրներուն հետ գործակցիլ ու խորհրդակցիլ` տապալելու համար հաւատադրժողական մտայնութիւնը, որ ծայրայեղական եւ ահաբեկչական է:
Միքաթիի Մօտ
Իրանեան պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան յայտնեց, որ ինք Միքաթիի յայտնած է Իրանի զօրակցութիւնը Լիբանանին, անոր կառավարութեան եւ ժողովուրդին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան` շեշտելով շրջանին մէջ ահաբեկչութեան վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:
Սալամի Հետ Քննարկումներ
Իրանեան պատուիրակութիւնը երեկոյեան այցելեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հաստատեց, որ Իրանի համար առաջնահերթութիւն է շրջանին մէջ իր բարեկամներուն եւ դաշնակիցներուն հետ խորհրդակցիլը:
Հանդիպումին ընթացքին խստիւ դատապարտուեցան ահաբեկչութիւնն ու հաւատադրժողականութիւնը:


